«Ո՞վ Կրնայ Հայերու Իրաւունքները Պաշտպանել Ատրպէյճանի Մէջ, Յատկապէս, Եթէ Անոնք Բանտարկուած Են». այս խորագիրով BBC-ն ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է ՝ լուսարձակի տակ առնելով Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիներու հարցը։ Կը նշուի, որ բանտերուն մէջ կան տասնեակներով հայեր, որոնք ձերբակալուած են 2020ի պատերազմէն ետք։ BBC-ն անդրադարձած է յատկապէս Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի ցուցադրական ձերբակալութեան։
«Ինչո՞ւ ատրպէյճանցի իրաւապաշտպանները չեն պաշտպաներ հայերը: Միջազգային կազմակերպութիւնները արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր կը խօսին Ատրպէյճանի մէջ արդարադատութեան վերաբերող հարցերուն մասին։ Տեղացի գործիչները կը կազմեն քաղաքական բանտարկեալներու ցանկեր, որոնց վրայ առաւել քան 100 անուններ կան, իսկ իրաւապաշտպաններէն շատերը իրենք եւս բանտարկուած են։ Անոնք բացայայտած են բանտարկեալներու չարչարանքի եւ սպանութիւններու բազմաթիւ դէպքեր, բայց ոչ՝ հայերու։ Միջազգային իրաւապաշտպան Human Rights Watch-ը 2020ի պատերազմէն միայն չորս ամիս ետք գրած էր, որ Ատրպէյճանի մէջ հայ գերիները կը խոշտանգուին եւ կոչ ըրած էր Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որ հետաքննէ այդ դէպքերը», կը գրէ BBC-ն։
BBC-ն քննած է նաեւ հայ ռազմագերիներու սպանութեան դէպքերը՝ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք, ինչպէս նաեւ կը յիշեցնէ, որ իրաւաբան Սիրանոյշ Սարգսեան նշած է, թէ Պաքու հաստատած է միայն 55 գերիներ պահելու փաստը։ Ըստ անոր՝ «Եւս 80 գերի կայ Ադրբեջանում, որոնց առկայութիւնը Բաքուն չի ընդունել՝ նրանց ճակատագրով ոչ ոք չի զբաղւում»։
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ հայ գերիներուն առողջական վիճակը կը վերահսկուի միայն Միջազգային Կարմիր Խաչին կողմէ, որ BBC-ին փոխանցած է, թէ իրենց դիտարկումներուն արդիւնքները եւ իրենց առաջարկները, կազմակերպութեան ընթացակարգին համաձայն, կրնան փոխանցուել միայն գերիները պահող կողմի իշխանութիւններուն: