29 Յունիս, 1999ին, երեկոյեան ժամը 5:50ին անողոք հիւանդութեան պատճառով, Էջմիածին Մայրավանքին մէջ Գարեգին Ա. Սարգիսեան Ամենայն հայոց 131րդ կաթողիկոսը իր հոգին աւանդեց: Վեհափառ հայրապետը մեզմէ ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ, սակայն իր պայծառ անհատականութեան գիծերը, սրտի խորէն բխած կրակ ու բոց պատգամները, մարդ անհատը մտածել տուող բազմաթիւ յօդուածներն ու գրքերը, 47 տարի հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան նուիրած կեանքը եւ «հայ»ը, աշխարհի չորս ծագերուն հպարտութեամբ ծանօթացնելու ճիգերը չեն մոռցուած: Չէ՛ մոռցուած նաեւ իր վերջին խրատը՝ «Սիրեցէք զիրար, սիրեցէք Էջմիածինը, սիրեցէ՛ք հայրենիքը»: Իմաստուն հայրապետը կ’ուզէր, որ հայ ազգին բաժանա-բաժան եղած զաւակները սիրով եւ համերաշխութեամբ միասին ապրին եւ մէկ ու սէգ ճակատով ազգերու ընտանիքին մաս կազմեն:
Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի 67 տարիներու կեանքին եւ գործունէութեան մասին կարելի է հատորներ լեցնել, բայց ես այսօր կ’ուզեմ իր հայ գիրի եւ գիրքի հանդէպ խորունկ սիրոյ մասին գրել:
Վեհափառ հայրապետը՝ մկրտութեան անունով Նշան Սարգիսեան, ծնած էր 27 Օգոստոս 1932ին, Սուրիոյ զուտ հայաբնակ գիւղին՝ Քեսապին մէջ: Իր խմորման եւ նկարագրի կազմութեան տարիներուն Քեսապի ժողովրդային գրադարանը, ուր կը տիրէր գաղափարական առողջ ու ջերմ մթնոլորտ, իր հոգւոյն առաջին դարբնոցը կը հանդիսանայ: Ան հետագային կը գրէ. «Կը յիշեմ խորապէս թելադրական այն պահերը անձնական կեանքիս մէջ, երբ հայ գրականութեան հանդէպ իմ սէրն ու ճաշակը սկիզբ առին մեր հայրենի գիւղին՝ Քեսապի ժողովրդային գրադարանին՝ հայկական ակումբի վերնայարկին մէջ:
… Հոն էր, որ կարդացի դասընկերներուս հետ միասին եւ յափշտակութեամբ, առաջին գիրքս դասագիրքերէն դուրս «Ազատութեան ճանապարհին» (Աւետիս Ահանոնեան)»:
Ուսումնատենչ պատանին՝ 14 տարեկանին, 1946ին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքը մուտք կը գործէ եւ հոն ալ գիրքերու եւ ուսուցիչներու հայաբոյր շունչին տակ այնքան կը խորանայ ազգային հարցերուն մէջ, որ վեց տարի ետք, 1952ին, կուսակրոն քահանայ կը ձեռնադրուի: Ուսման փափաքը զինք մինչեւ Անգլիոյ Օքսֆորտ համալսարանի դուռները կը հասցնէ, ուր մտային հորիզոնը կ’ընդլայնի:
1963ին, Պէյրութի մէջ, իրա՛ւ վարդապետը եւ համալսարանական դասախօսը Հայաստանեաց Առաք. եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը կը հիմնէ: Այս կորովի երիտասարդները ամէն տարի, մինչեւ այսօր հայ գիրքի փառատօն կը կազմակերպեն Անթիլիասի կաթողիկոսարանի բակին մէջ եւ հազարաւոր հայկական գիրքեր հանրութան կը հրամցնեն:
Երջանկայիշատակ հայրապետը հայերէնի (գրաբար եւ աշխարհաբար) կողքին, ֆրանսերէն, անգլերէն, արաբերէն, յունարէն եւ լատիներէն լեզուներու տիրապետած ըլլալով եւ մտային լայնածաւալ պաշարով գօտեպնդուած, 29 Մայիս, 1977ին Կիլիկիոյ Աթոռակից կաթողիկոս կ’օծուի եւ Խորէն Ա. վեհափառին նեցուկ կը կանգնի 1977-1995 թուականներուն, 18 տարի, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն հօտը իմաստութեամբ կառավարելէ ետք, 1995ին տեսլապաշտ հոգեւորականը Ամենայն հայոց կաթողիկոս կ’ընտրուի Էջմիածնի մէջ: Չորս տարի ոգի ի բռին տքնելէ ետք, դաժան հիւանդութիւնը զինք կը զգետնէ:
Լոս Անճելըսի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութիւնը 1996ին Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Ռիսիտա քաղաքին մէջ իր կեդրոնի շէնքը կը գնէ: Շէնքին ճակատը, հակառակ որ պատշգամ չկայ, վարչութիւնը գծագրութեամբ մը Քեսապի ժողովրդային գրադարանին տեսքը կու տայ, իսկ իր գիւղի թիւ մէկ զաւկին՝ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, անոր գրքի եւ գրականութեան սէրը վառ պահելու համար, կեդրոնի երկրորդ յարկին վրայ Վեհին անունով գրադարան կը հիմնէ:
Պաշտօնական բացումը տեղի կ’ունենայ 3 Ապրիլ, 2004ին: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհափառ հայրապետը՝ Արամ Ա. իր կաթողիկոսական փոխանորդը՝ Գարեգին Ա. վեհափառին մանկութեան ընկերը, դասընկերը, օծակիցը եւ 55 տարիներու մտերիմ հայրենակիցը՝ Արտաւազդ արք. Թրթռեանը կը ղրկէ եւ անձնապէս նոր վերահրատարակուած Բարձր Բերդ Աւետարանը, որ գրուած է 1248ին, Հռոմկլայի Կիրակոս գրագիրին կողմէ, նուէր կը ղրկէ:
Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի անունը կրող գրադարանին բացման օրը ներկաներուն գրքոյկ մը բաժնուեցաւ, ուր ամփոփուած են հայ գիրի, գրականութեան եւ գիրքի մասին երջանկայիշատակ կաթողիկոսին «հաւատամք»ը եւ կենսագրական գիծերը: Ահաւասիկ մէջբերումներ, զորոնք քաղուած են վեհափառի գրքերէն.
Առանց հայ գիրքին՝ ցուրտ կը մնայ հայկական տունը, որքան ալ պերճօրէն, շքեղօրէն կահաւորուած ու յարդարուած ըլլայ ան:
Յարգեցէք ե՛ւ գրողները ե՛ւ տպողները, որովհետեւ առանց անոնց՝ աղքատ կ’ըլլայ մեր ազգը:
Գիրէն ծնաւ գիրքը՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ՄԱՏԵԱՆԸ: Գիրքով բարձրացաւ հայ մարդը: Գիրքով ծաղկազարդուեցաւ հայոց երկիրը:
Հայ գրականութիւն մշակել մանաւանդ այսօր Սփիւռքի մէջ հերոսութիւն է:
Այո՛, մենք կանք մեր լեզուին շունչը մեր ազգին մէջ կենդանի պահող գիրով ու գիրքով:
Ընթերցո՛ւմն է միակ ճամբան դէպի «Աղբիւրը լոյս»ին:
Հայաստանը միայն հող ու քար չէ, վանք ու եկեղեցի չէ, խաչքար ու յուշարձան չէ, բերդ ու պարիսպ չէ, կամուրջ ու աղբիւր չէ, այլեւ մագաղաթ ու գիրք է:
Մեզի համար՝ Հայ Գիրքի հրատարակութիւնը ազգային, կրօնական, մշակութային, քաղաքակրթական առաքելութեան հարց է: Գոյատեւման պայքարի հարց է: Լինելութեան խնդիր է: