11 Դեկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ:
Անոնք քննարկեցին Հայաստան-Ֆրանսակա երկկողմ օրակարգի, տարբեր ոլորտներու մէջ գործնական համագործակցութեան հարցեր:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ երկուստեք ընդգծուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորացման, ընթացիկ ծրագիրներ կեանքի կոչելու գծով սերտ փոխգործակցութեան պատրաստակամութիւնը եւ յանձնառութիւնը:
«Քննարկուել են տարածաշրջանային անվտանգութեանը եւ կայունութեանը վերաբերող հարցեր, անդրադարձ է կատարուել խաղաղութեան հաստատման հարցում առկայ մարտահրաւէրներին: Արարատ Միրզոյեանը Կատրին Կոլոննային ներկայացրել է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացում վերջին զարգացումները», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ փոխգործակցութեան հարցերու շուրջ: