Պաքու Երեւանին դարձեալ կոչ ուղղեց՝ երկկողմ ձեւաչափով աշխատելու: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այս մասին յայտարարեց Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման՝ նոյն ժամանակ շեշտելով, որ Պաքու դէմ չէ «անաչառ եւ չէզոք երրորդ կողմի մը միջնորդութեան»:
Ըստ Պայրամովի՝ Պաքու Հայաստանէն «կ՛ակնկալէ փոխադարձ անկեղծ նուիրում»:
«Խաղաղութեան եւ բարի դրացիական յարաբերութիւնները պէտք չէ տուժեն անհեռատես աշխարհաքաղաքական շահարկումներէն: Կեդրոնանալով ընդհանուր շահերու, վճռականութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ օգուտներու վրայ` մենք պիտի կարենանք կառուցել աւելի բարգաւաճ, կայուն Արեւելեան գործընկերութեան տարածաշրջան մը», ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.»ի` ընդգծեց Պայրամով:
Պաքուէն պարբերաբար ուղիղ բանակցելու առաջարկներ կ՛ըլլան: Նոյեմբերի աւարտին, Իջեւանի եւ Ղազախի հատուածին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպումը` փոխվարչապետեր Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորութեամբ:
Պաքու կը մերժէ բանակցութիւններու ուաշինկթընեան հարթակը` ընդգծելով, թէ «Միացեալ Նահանգներու միակողմանի մօտեցման պատճառով այդ երկիրը կրնայ կորսնցնել միջնորդի իր դերը», նաեւ փաստօրէն պոյքոթի կ՛ենթարկէ բանակցային բոլոր այն հանդիպումները, որոնց պիտի մասնակցի Ֆրանսայի նախագահը` Փարիզը մեղադրելով «միակողմանի մօտեցման ու հայամէտ դիրքորոշման մէջ»: Պաքու, նոյն ատեն կը յայտարարէ, որ պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները պրիւքսէլեան ձեւաչափով, սակայն 11 Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու գծով բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի հետ հանդիպման դժգոհութիւն յայտնեց, թէ «Եւրոպական Միութեան որոշ պաշտօնեաներու կողմնակալ յայտարարութիւնները կը վտանգեն այս գործընթացին մէջ Եւրոպական Միութեան անաչառ միջնորդի դերը»:
Պաքու Սեպտեմբերի վերջին իրադարձութիւններէն ետք յայտարարեց, որ Մոսկուան է լաւագոյն միջնորդը Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն:
Ընդգծելով, որ Ատրպէյճան բարձր կը գնահատէ կարգաւորման գործընթացին մէջ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդական ջանքերը` Պայրամով, առանց անուններ նշելու, յայտնեց, որ «Եւրոպական Միութեան որոշ պաշտօնեաներու կողմնակալ յայտարարութիւնները կը վտանգեն այս գործընթացին մէջ Միութեան անաչառ միջնորդի դերը»: