
Երեւանի եւ Պաքուի գերիներու փոխանակման վերաբերող յայտարարութենէն 6 օրեր ետք, Ատրպէյճանի կողմէ գերի տարուած 32 հայ զինուորներ արդէն Հայաստան հասան:
13 Դեկտեմբերին ատրպէյճանական կողմը զանոնք վերադարձուց հայ-ատրպէյճանական սահմանի Իջեւանի հատուածին մէջ: Հայկական կողմն ալ իր կարգին Ատրպէյճանին յանձնեց Զանգեզուրի պղինձի գործարանի պահակի սպանութեան համար ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Հուսէյն Ախունտովն ու 11 տարիով բանտարկուած Ագշին Պապիրովը:
Թէեւ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հրապարակած էին ազատ արձակուելիք հայ գերիներուն անունները, սակայն հայկական կողմը ցարդ ոչ մէկ անուն հրապարակած էր։ Փոխանակումէն քիչ անց Հայաստանի վարչապետը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ հրապարակեց անոնց անունները՝ դիտել տալով, որ բժշկական քննութեան ենթարկուելէ ետք անոնք պիտի միանան իրենց հարազատներուն։
Վերադարձուած գերիները 31 զինուորներ են, իսկ մէկը Արցախի մէջ գերի ինկած եւ միացեալ յայտարարութենէն ժամեր առաջ Պաքուի մէջ 18 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած պահեստազօրային Գագիկ Ոսկանեանն է:
Ստորեւ՝ հրապարակուած անունները.
1. Աւագեան Հրաչ Արզումանի- Շիրակ, Գիւմրի
2. Աւագեան Սերոբ Սուրէնի – Շիրակ, Զոյգաղբիւր
3. Աւագեան Տիգրան Մանուկի – Շիրակ, Գիւմրի
4. Աւետիսեան Վաղարշակ Աշոտի – Շիրակ, Զոյգաղբիւր
5. Արամեան Կարէն Արմէնի – Շիրակ, Աշոցք
6. Բահրիկեան Վահագն Էդիկի – Շիրակ, Ախուրեան
7. Բաղդասարեան Արթուր Էդուարդի – Շիրակ, Գիւմրի
8. Գէորգեան Ռոբերտ Յովիկի – Շիրակ, Ախուրեան
9. Դիլանեան Արման Վազգէնի – Շիրակ, Զոյգաղբիւր
10. Եղիազարեան Սասուն Սէյրանի – Շիրակ, Անի
11. Թադեւոսեան Հրայր Վարդանի – Շիրակ, Աշոցք
12. Թոսունեան Լեւոն Աշոտի – Շիրակ, Աշոցք
13. Իսանեան Արէն Արայի – Ստեփանակերտ
14. Կիրակոսեան Էդուարդ Արմէնի – Շիրակ, Գիւմրի
15. Կոստանեան Նարեկ Աղասիի – Շիրակ, Արթիկ
16. Յակոբեան Վոլոդեայ Գագիկի – Շիրակ, Սառնաղբիւր
17. Յարութիւնեան Վարազդատ Սերեօժայի – Շիրակ, Ախուրեան
18. Հերաբեան Հրայր Հրաչի – Շիրակ, Աշոցք
19. Յովակիմեան Յարութիւն Եուրիկի – Սիւնիք, Կապան
20. Յովհաննիսեան Հայկազ Կորիւնի – Շիրակ, Ախուրեան
21. Ղազարեան Կարէն Աշոտի – Տաւուշ, Դիլիջան
22. Մարտոյեան Մանուկ Յովհաննէսի – Շիրակ, Լանջիկ
23. Մարտիրոսեան Գէորգ Սամուէլի – Շիրակ, Գիւմրի
24. Միքայէլեան Անդրանիկ Վազգէնի – Շիրակ, Գիւմրի
25. Ոսկանեան Գագիկ Աշոտի – Երեւան
26. Ռաֆաէլեան Վլադիմիր Օթարիի – Արմաւիր, Վաղարշապատ
27. Սաղաթէլեան Գրիգոր Սէյրանի – Շիրակ, Աշոցք
28. Սարգսեան Իշխան Աշոտի – Երեւան
29. Սերոբեան Գեղամ Սամուէլի – Շիրակ, Զոյգաղբիւր
30. Սուքիասեան Անդրանիկ Սրապի – Շիրակ, Գիւմրի
31. Ստեփանեան Դաւիթ Ստեփանի – Շիրակ, Փանիկ
32. Վարդանեան Արսէն Արայիկի – Շիրակ, Անի
Թէեւ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ յայտարարած էին, որ ազատ արձակուողներուն կարգին է Նոյեմբեր 2020ին, Շուշիի մօտերը գերի ինկած լիբանանահայ Վիգէն Իւլճեքեան, սակայն իրականութեան մէջ ան չվերադարձուեցաւ հայկական կողմին։
Ըստ հայաստանցի իրաւապաշտպաններուն՝ այժմ Ատրպէյճանի մէջ կան 23 հայեր, որոնց կարգին՝ Արցախի նախկին ղեկավարները: