Միացեալ Նահանգները ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գերիներու փոխանակումը եւ դիտել տուաւ, որ կը հաւատայ, թէ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւնը շատ հաւանական է:
Այս մասին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Մեթիու Միլըր:
«Մենք կ՛ողջունենք հայ եւ ատրպէյճանցի գերիներու փոխանակումը, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւնները այն մասին, որ կը քննարկուին վստահութեան ամրապնդման վերաբերող լրացուցիչ քայլեր: Մենք պիտի շարունակենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ աշխատիլ՝ այդ հոլովոյթը յառաջ տանելու համար: Մենք, ինչպէս նախապէսմ կը հաւատանք, որ խաղաղութիւնը կարելի է, եթէ երկու կողմերն ալ պատրաստ են անոր հասնելու», ըսաւ Միլըր: