Յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեանի՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումին մասին յայտարարութենէն ժամեր ետք, թէ՛ Երեւան եւ թէ Պաքու հերքեցին այդպիսի հանդիպումի մը մասին պայմանաւորուածութեան առկայութիւնը:
Պաքու շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպման օրուան եւ վայրին վերաբերող պայմանաւորուածութիւն չկայ: «Ազատութիւն»ը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հարցուց, որ արդեօք եղա՞ծ է յստակ պայմանաւորուածութիւն, որմէ հիմա կը հրաժարի Ատրպէյճան. նախարարարութեան բանբեր Անի Բադալեան պատասխանեց, որ եթէ ըլլայ հանդիպման պայմանաւորուածութիւն, իրենք տեղեակ պիտի պահեն:
Մինչ այդ, յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան յայտարարեց, որ Պաքու ընդունեց Յունուարին Միացեալ Նահանգներու մէջ իրականացնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում մը:
«Բրիւսելի մասով աշխատանքները երբեք չէին էլ դադարել, Բրիւսելում՝ լիդերների (ղեկավարներու-Խմբ.) հանդիպումները, Միացեալ Նահանգներում՝ արտգործնախարարների կազմի: Հիմա եթէ լիդերների հանդիպում կարող է լինել մինչեւ արտգործնախարարների հանդիպումը, ընդհանուր սկզբունքները կարող են համաձայնեցուել, որն արտգործնախարարների պատուիրակութիւնների մակարդակում կիմպլեմենտացուի (կը համալրուի) պայմանագիրի մէջ կամ խմբերը կը հանդիպեն, յետոյ լիդերները կը հանդիպեն», Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերէն յայտարարեց Մարուքեան:
Միւս կողմէ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման մասին Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ յայտարարեց, որ իրենք կ՛աշխատին հանդիպման կազմակերպման ուղղութեամբ:
Իբրեւ միջնորդ եւ հանդիպումներու անմիջական մասնակցող՝ Շարլ Միշել «Ազատութեան» յայտնեց, որ բանակցութիւններու առանցքին առաջին հերթին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է: «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ անհրաժեշտ է կնքել խաղաղութեան համաձայնագիր մը՝ անոնց յարաբերութիւններու կարգաւորումը կազմակերպելու համար», շեշտեց Միշէլ:
«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր անանուն աղբիւրը՝ դիտել տուաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աշխատի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ՝ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը եւս կատարելու համար:
Յիշեցնենք նաեւ, որ Շարլ Միշէլ օրեր առաջ ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի 7 Դեկտեմբերի միացեալ յայտարարութիւնը՝ գերիներու ազատ արձակման վերաբերող՝ զայն նկատելով յարաբերութիւններու «մեծ յառաջընթաց», «քաղաքական երկխօսութեան աննախադէպ բացում»: Ան նաեւ ըսաւ, թէ այժմ կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները՝ շուտափոյթ աւարտին հասցնելու խաղաղութեան համաձայնագիրին կնքումը: