Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է զօրակցիլ Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններու իր թեկնածութիւնը դրած Պրենտըն Լամարի ընտրապայքարին։ Լամար թեկնածու է քաղաքապետական խորհուրդի 3րդ ընտրատարածքին մէջ, ուր նախնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ Մարտին։
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս որոշումին հասած է՝ քննելէ ետք Լամարի ծրագիրները եւ նկատի ունենալով հայ համայնքին ցուցաբերած անոր զօրակցութիւնը, կը յայտնէ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սոնա Տօնոյեան։
Լամար անդամ եղած է քաղաքային շարք մը յանձնաժողովներու եւ կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցած է համայնքային կարգ մը կազմակերպութիւններու։ Ան նաեւ Դեմոկրատ կուսակցութեան մէջ կազմակերպական յատկանշական աշխատանք տարած է փոքրամասնութիւնները դէպի քաղաքական կեանք մղելու նպատակով։
Այս առիթով, Պրենտըն Լամար շնորհակալութիւն յայտնեց Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար, խոստանալով հայ համայնքին հետ գործակցութիւնը սերտացնել։