ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Եւրոպական Միութեան անդամ չհանդիսացող 11 պետութիւններ, ներառեալ՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան, 17 Դեկտեմբերին միացան այսպէս կոչուած «Մակնիցքիի եւրոպական ցանկ»ը մէկ տարիով երկարաձգնելու՝ Եւրոպական Խորհուրդի որոշումին, յայտնեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել:
«Մակնիցքիի օրէնք»ը, որուն նմանը վաւերացուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ կ՛արտօնէ պատժամիջոցներ սահմանել իւրաքանչիւր երկրի քաղաքացիի եւ կառավարութեան ներկայացուցիչի հանդէպ՝ մարդկային իրաւունքներու լուրջ խախտումներու, կաշառակերութեան, խոշտանգումներու, սպանութեան կամ մարդու իրաւունքներու այլ լուրջ խախտումներու համար։
Պրիւքէսէլի պատժամիջոնցերու ցանկին վրայ կան Ռուսիա, Իրան, Չինաստան, Հիւսիսային Քորէա, Սուրիա եւ այլ երկիրներու քաղաքացիներու, ապահովական ուժերու եւ ընկերութիւններու ղեկավարներ, որոնց Եւրոպական Միութեան մուտքը կ՛արգիլուի եւ գումարները կը սառեցուին Եւրոպական Միութեան տարածքին մէջ:
«Մակնիցքիի եւրոպական ցանկ»ը պիտի երկարաձգուի մինչեւ 8 Դեկտեմբեր 2024։