Լոյս տեսաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի 2024ի պատկերազարդ օրացոյցը։ 2024 տարին կոչուեցաւ «Ազգային ու Հոգեւոր Արժէքներու Տարի»՝ հրաւիրելով բոլորը ազգային եւ հոգեւոր մեր արժէքներուն պահպանման եւ ամրապնդման նուիրական ծառայութեան։ Անոնք, որոնք կը փափաքին օրացոյցէն ստանալ՝ կրնան դիմել Արեւմտեան թեմի հոգեւոր հովիւներուն, կամ կապ հաստատել առաջնորդարանին հետ։
Օրացոյցը կը բացուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի եւ Մեքսիքայի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի խօսքով։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ