Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբերի կէսօրին, հրաւէրովը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի՝ Ազգային վարժարաններու երկրորդականի աշակերտները Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հաղորդ դարձան Ս. Ծննդեան տօնը խորհրդանշող «Հրաշափառ Ծննդեան փառահեղ աւետում» համերգին, որ օր մը առաջ, երեկոյեան, ներկայացուած էր հանրութեան, նոյն եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազանին, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, հովանաւորութեամբ «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամին, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, թենոր Պերճ Քիրազեանի, մասնակցութեամբ մասնագէտ երաժիշտներու, նուագողներու, Համազգայինի «Նայիրեան» երգչախումբին եւ Վ. եւ Ա. Շամլեան Ազգային վարժարանի Բ. կարգի աշակերտներուն:
Աշակերտական ունկնդրութեան բացման խօսքը կատարեց Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի գործավար Թամար Թիւֆէնքեան, որ վեր առաւ նման որակաւոր համերգներու ներկայ ըլլալու կարեւորութիւնը՝ աշակերտական տարիքի հայ տղոց եւ աղջիկներու կեանքին մէջ:
Յայտնենք, որ աշակերտները ըմբոշխնեցին որոշ յապաւումի ենթարկուած «Հրաշափառ Ծննդեան» համերգը եւ դահլիճէն աշխուժ մասնակցութիւն բերին եկեղեցւոյ դասէն հնչող ծանօթ երգերու կատարումներուն, ապա բուռն ծափերով գնահատեցին առաջնորդ սրբազանին կողմէ իրենց մատուցուած աննախընթաց այս «նուէր»ը՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով: