
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբերի երեկոյեան, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բագին»ի 60ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ եպս. Մուրատեանի ներկայացուցիչ Մեսրոպ վրդ. Թօփալեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի ներկայացուցիչ պատուելի Յովհաննէս Սվաճեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, ՍԴՀԿի Լիբանանի ներկայացուցիչ Վանիկ Տագեսեանի, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի եւ անդամներու, նախկին նախարարներ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի եւ Վրէժ Սապունճեանի, միութիւններու ու մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ գրասէր հասարակութեան:

Ձեռնարին բարի գալուստի եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Նայիրի Ադամեան, որ նշեց, թէ «Բագին»ը 60 տարի շարունակեց համախմբել երէց եւ երիտասարդ գրողները, հրատարակեց անտիպ գործեր, նամակներ, թարգմանեց օտար գրականութեան գոհարներ, ջանադիր եղաւ յատկապէս արեւմտահայերէնի բծախնդիր պահպանման, հետապնդեց բանագողութիւնը եւ դէմ կեցաւ խորհրդային ապազգային գրաքննութեան: Ան հաստատեց, որ «Բագին»ը հրատարակուեցաւ ՀՅԴի իրերայաջորդ բիւրոներու եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւններու նիւթական եւ բարոյական ներդրումով եւ նեցուկով: Ան ըսաւ, որ «Բագին»ը այսօր իր ստեղծագործական վաստակով, հայրենիք-Սփիւռք գրական ուժերու մէկտեղումով եւ արեւմտահայ մշակոյթի պաշտպանութեան առաքելութեամբ իր յատուկ եւ պատուաւոր տեղը կը գրաւէ սփիւռքահայ մամուլի իրականութեան մէջ:

Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ ըսաւ, թէ «Բագին»ը իր բնոյթով հայկական ինքնութեան պահպանման եւ բնականոն զարգացման ազդակ է, երբ մեր օրերուն յարձակում կը կատարուի բռնի այլափոխելու այդ ինքնութիւնը, մասնաւորաբար` հայրենիքի մէջ: Մկրտիչեան շեշտեց, որ հայերէնը «Բագին»ի գոյութեան իմաստն է` բարձրագոյն մակարդակի վրայ: ««Բագին»ը ո՛չ միայն հայոց լեզուն գործածողն է, այլ միաժամանակ` անոր կերտիչը, զարգացնողը, գեղագիտական գործողութիւններու ենթարկողը, անոր գործածութեամբ ուղղութիւններ ցոյց տուողը. մէկ խօսքով, անոր տէրն ու ծառան` միաժամանակ: «Բագին»ը իր գոյութիւնը կը պահէ իր ընթերցողներով եւ մանաւանդ` գրականութիւն կերտող իր աշխատակիցներով: «Բագին»ը` Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան ազնուագոյն պահապաններէն մէկը, չի կրնար գոյատեւել առանց հայերէնի տեւական տարածումին օտար ափերու վրայ», ըսաւ Մկրտիչեան՝ բարի շարունակութիւն մաղթելով «Բագին»ին` իր ազնիւ առաքելութեան մէջ:
«Բագին»ի մասին վկայութիւններու տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եռեակը, որուն մաս կը կազմէին` Գէորգ Քէշիշեան, Վերոնա Ռուսիալեան եւ Նարեկ Քէշիշեան:

Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց «Բագին»ի խմբագիր Սոնիա Սանան Քիլեճեան: Ան ըսաւ, որ Կարօ Սասունիի, Պօղոս Սնապեանի, Եդուարդ Պոյաճեանի, Վահէ Օշականի, Յարութիւն Գեղարդի, Բաբգէն Փափազեանի եւ Տիգրան Ոսկունիի ճիգերով հիմը դրուեցաւ «Բագին»ին, որ 60 տարիներէ ի վեր համաշխարհայնացած հայութեան գրականութեան օրրանն է, որ այսօր դժբախտաբար գրեթէ մինակ մնացած է: Քիլեճեան յայտնեց, որ «Բագին»ը այսօր ունի աշխարհի չորս կողմէն գրողներ եւ ընթերցողներ, որոնք իր առաքելութիւնը առաւել եւս շեշտակի կը դարձնեն: Ան յայտնեց, որ, դժբախտաբար, «Բագին»ը արեւմտահայերէն միակ գրական պարբերականն է, բայց «Բագին»ը կայ, որովհետեւ 100 տարի առաջ վերածնած հայութիւնը այս լեզուին մէջ դրաւ իր հաւատքը եւ ապագայի տեսիլքը: «Լեզուն ալ հայրենիք է, եւ այդ հայրենիքին մէջ է, որ հասակ առին սերունդներ», հաստատեց Սոնիա Սանան Քիլեճեան:

Օրուան բանախօսն էր Կարօ Յովհաննէսեան, որ նշեց, թէ ուրախ օրերու մէջ չի բոլորեր իր հիմնադրութեան 60ամեակը «Բագին» պարբերականը, որ հայութեան համար եղաւ եւ կը շարունակէ ըլլալ հողի կորուստի, բռնագաղթի, հոգեկան փոթորկումներու, յուսախաբութիւններու, ինչպէս նաեւ գոյատեւման պայքարի շրջան մը: Յովհաննէսեան ըսաւ, որ 60 տարիներու ընթացքին, «Բագին»ը ունեցաւ հարուստ կենսափորձ մը` բեղուն գործունէութեան մը շնորհիւ: «Բագին»ը եղաւ մեր գրականութեան աւանդապահը, եղաւ տաքուկ ու լուսաւոր օճախ մը, որ հոգեկան-մտային սնունդ տուաւ ու կը շարունակէ տալ մինչեւ այսօր: Անիկա պատրաստեց մտաւորականներ, որոնց արահետէն քալեցին ու կը քալեն թարմ յուշեր: «Բագին»ը կրցաւ յաղթահարել գրեթէ բոլոր դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները, կռուան եղաւ գրականութեան, արուեստներու եւ լեզուի բիւրեղացման, պաշտպան հանդիսացաւ մեսրոպեան ուղղագրութեան, լրջութեան հրաւիրեց գրական մակերեսային եւ թեթեւաբարոյ երեւոյթներն ու մօտեցումները, ջերմ ու հարազատ արձագանգողը եղաւ գրական եւ միջազգային հարցերու, պայքարեցաւ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը շահագործէին հայ գրականութիւնը` իրենց գաղափարական ուղղութիւնները տարածելու նպատակով: Անիկա արթուն պահակը եղաւ խորհրդային գրական հարցերուն` հիմնաւորելով, որ գրականութիւն եւ արուեստներ չեն կրնար հպատակիլ յատուկ հրահանգներու, եւ կարելի չէ ղեկավարուած գրականութիւն կամ արուեստ ունենալ», ըսաւ Յովհաննէսեան:
Ան յայտնեց, որ կարելի չէ վերջին 60 տարիներու յատկապէս Սփիւռքի մէջ մշակուած գրականութեան մասին խօսիլ` առանց նկատի ունենալու «Բագին»ը, որ ունեցաւ առաջնակարգ եւ ղեկավար դերակատարութիւն, որովհետեւ անիկա նուաճեց իմացական անկրկնելի բարձունք մը: Ան նշեց, որ վերջին շրջանին բազմաթիւ գրական պարբերականներ դադրեցան լոյս տեսնելէ, բայց «Բագին»ը շարունակեց իր ընթացքը եւ արձանագրեց բարոյական մեծ յաղթանակ` ճահճացման դէմ ի նպաստ հոգեշարժի եւ հայ արժէքի զարգացման, յաղթանակ` գոյատեւման, գործի շարունակականութեան, կենսունակութեան, նորարարութեան եւ սերունդներու պատրաստութեան: ««Բագին»ը կը յայտնաբերէ եւ պիտի շարունակէ յայտնաբերել նորեր, որոնք կու գան, պիտի գան, որպէսզի բոլորս միասին միշտ վառ պահենք բագինի կրակը, ու բոլորս մէկ բերան բարձրաղաղակ ու հպարտանքով երգենք բագինին փառաբանանքը», իր խօսքի աւարտին ըսաւ Յովհաննէսեան:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նուագախումբը` խմբավարութեամբ Կարօ Աւեսեանի:

Իր կարգին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան անդրադարձաւ «Բագին»ի հեղինակութեան, մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ: Ան ըսաւ, որ 1991ին, երբ Պօղոս Սնապեանին վերջապէս արտօնուեցաւ Հայաստան մտնել, եւ Սնապեանի եւ «Բագին»ի շուրջ Գրողներու միութեան մեծ սրահին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, օրին գրողներ վկայեցին, որ այդ սրահը երբեք այսքան լեցուն չէր եղած, եւ Հայաստանի գրեթէ բոլոր գրողները ներկայ էին: Այս առիթով, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Վահագն Դաւթեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած էր «Բագին»ին եւ Պօղոս Սնապեանին, որ իր էջերուն մէջ զգաստութեան հրաւիրած է զիրենք` հեռուէ հեռու: Քէշիշեան յայտնեց, որ «Բագին»ը իր ստոյգ, իր կոշտ, իր հաւասարակշիռ եւ շատ յաճախ խարազանող գրիչով Հայաստանի գրողներուն տէր եղած է: Ան երախտիքի եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց «Բագին»ի հիմնադիրներուն եւ երկար տարիներ անոր աշխատակցողներուն, ինչպէս նաեւ ան շնորհակալութիւն յայտնեց այժմու աշխատանքը շարունակող խմբագրական կազմին եւ խմբագիրին: Քէշիշեան ըսաւ, որ «Բագին»ի արժէքը բարձր է. անիկա ոչ միայն սփիւռքահայ արժէք է, ոչ միայն գրական-գեղարուեստական բեմ է, այլ դերակատարութիւն ու հեղինակութիւն ունի Հայաստանի մէջ, ուր նաեւ անցնող շաբաթներուն նշուեցաւ «Բագին»ի 60ամեակը:

«Բագին»ի 60ամեակի հանդիսութեան աւարտին, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսնի` Համազգայինի 95ամեակին եւ «Բագին»ի 60ամեակին առիթով օրհնութեան գիրը, որուն մէջ վեհափառը կը գնահատէ Համազգայինի գործունէութիւնը եւ «Բագին»ի ներդրումը: Արամ Ա. կաթողիկոս կը հաստատէ, որ «Բագին»ը իր շուրջը համախմբած է բազմաթիւ մտաւորականներ եւ դարձած է դպրոց` երիտասարդ գրողներու, որոնք «Բագին»ի ոգիով եւ տեսլականով ստացած են իրենց գրական կազմաւորումը: «Մեր սպասումն է, որ Համազգայինը համազգային մակարդակով շարունակէ իր առաքելութիւնը, յատկապէս` ներկայ ժամանակներուն, երբ մեր մշակութային եւ կրթական արժէքները սկսած են գունաթափիլ ու նահանջ արձանագրել հայ կեանքէն ներս: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ քաջալեր ու զօրավիգ կանգնիլ Համազգայինի մշակութային ու կրթական հայակերտ նախաձեռնութիւններուն», իր Օրհնութեան գիրին մէջ կ՛ըսէ Արամ Ա. կաթողիկոսը:
