Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբերին, Թուրքիոյ եւ Իրաքի ներքին գործոց նախարարները Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (ՔԲԿ) գործունէութիւնը սանձելու նպատակով ապահովական համաձայնութիւն մը ստորագրեցին։ Բայց, անոնք չյաջողեցան համաձայնութիւն գոյացնել Թուրքիոյ համար կարեւոր կէտի մը շուրջ։ Համաձայնագրին 4րդ յօդուածը, որ թրքական բանակին պիտի արտօնէր ՔԲԿի զինեալները հետապնդելու համար մուտք գործել իրաքեան հողամասեր, անշուշտ իրաքեան իշխանութիւններու հաւանութեամբ, իրաքեան կողմին պահանջով դուրս մնաց ստորագրուած համաձայնագրէն։
Տեսականօրէն, հակառակ ՔԲԿի զինեալները հալածելու համար թրքական ուժերուն հիւսիսային Իրաք մուտք գործելը արտօնող 4րդ յօդուածին զեղչման, այն իրողութիւնը, որ երկու երկիրներուն միջեւ հակաահաբեկչական համաձայնագիր մը ստորագրուած է, երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան իրաւաբանական հիմք մը կը ստեղծէ։ Համաձայնագրի ստորագրութենէն ետք Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Պեշիր Աթալայ իր իրաքցի պաշտօնակից Ճաուատ Պոլանիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ՝ «այս հարցին շուրջ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին»։
Ըստ համաձայնագրի պայմաններուն, երկու երկիրները յանձն առին ՔԲԿի ֆինանսաւորումը, օժանդակութիւնը եւ քարոզչութիւնը արգիլել, ինչպէս նաեւ՝ երկու երկիրներու գաղտնի սպասարկութիւններուն միջեւ տեղեկութեանց փոխանակում կատարել։ Այս վերջին կէտը սոյն համաձայնագրին միակ ձեռքբերումը կարելի է համարել։ Երկու կողմերու ներկայացուցիչներէն բաղկացած համակարգումի յանձնախումբ մը վեց ամիսը անգամ մը հանդիպում պիտի ունենայ համակարգելու համար համաձայնագրին գործադրութեան աշխատանքները։
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը ըսաւ. «Կը սպասենք, որ այս գործակցութիւնը կարելի եղածին չափ ընդլայնի»։
Իրաքի ներքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց, թէ այս համաձայնութիւնը «շատ կարեւոր է Իրաքի համար»։ Ան յայտնեց, թէ իր կառավարութիւնը իր կարելին պիտի ընէ անոր նախատեսած քայլերը գործադրելու։ «ՔԲԿը կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակը Թուրքիոյ վնաս հասցնելն է։ Կրնաք վստահ ըլլալ, որ հարկ եղած քայլերը պիտի առնուին ահաբեկչական արարքները արգիլելու համար», ըսաւ Պոլանի։
Վերոնշեալ խօսքերը չեն կրնար հանգստացնել Թուրքիան, նկատի ունենալով, որ անոր հեղինակը մաս կը կազմէ կառավարութեան մը, որ հակառակ միակ գերտէրութեան շուրջ 160 հազար զինուորներու գործօն օժանդակութեան, անկարող է նոյնիսկ իր մայրաքաղաքի ապահովութեան վերահսկել, ո՛ւր մնաց՝ իր խորհրդարանը, կառավարութիւնը, դրօշակն ու ապահովական մարմինները ունեցող կիսանկախ իրաքեան Քիւրտիստանի մը։ Եթէ պահ մը այս բոլորին վրայ աւելցնենք իրաքեան կառավարութենէն սիւննի եւ շիի կարգ մը նախարարներու հրաժարումով ստեղծուած կառավարական տագնապը, առաւել այն իրողութիւնը, որ այս համաձայնագիրը վաւերացնելիք խորհրդարանը երկար ատենէ ի վեր կը ձախողի օրինական նիստ մը գումարելու համար բաւարար երեսփոխաններու ներկայութիւնը ապահովելու, պարզ կը դառնայ, թէ այս համաձայնագիրը ներկայ պայմաններուն մէջ գործնական մեծ նշանակութիւն մը չունի։
Իրաքի վարչապետ Մալիքի, որուն կառավարութենէն հեռացած են շիի կրօնաւոր Մոքթատա Սատրի հոսանքի անդամներն ու սիւննի մեծագոյն համախմբումի անդամ նախարարները, կարիքը ունի քիւրտերու քաղաքական զօրակցութեան։ Այս վերջինները բուռն կերպով կը մերժեն Թուրքիոյ հետ կնքուած համաձայնագիրը։ Իրաքի քրտական խորհրդարանի նախագահ Քեմալ Քերքուքի յայտնեց, որ հիւսիսային Իրաքի քիւրտերը պիտի չյարգեն համաձայնութիւն մը, որուն շուրջ բանակցութիւններուն իրենք չեն մասնակցած, իսկ իրաքեան Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութեան մէջ շրջանի պաշտպանութեան ուժերու փոխնախարար զօր. Ճապպար Եաուար, դարձեալ կրկնելէ ետք այդ սկզբունքային կեցուածքը, «Էսոշիէյթըտ փրէս» լրատու գործակալութեան յայտարարեց. «Եթէ այս համաձայնութիւնը տեղեկութիւն փոխանակելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար է, անոր պիտի զօրակցինք, սակայն զօրավիգ պիտի չկանգնինք որեւէ բանի, որ շրջանային կառավարութեան գերիշխանութիւնը կը բռնաբարէ»։
Զօր. Եաուարի յայտարարութիւնը երկու հարց կը ստեղծէ. առաջինը կը վերաբերի «ահաբեկչութիւն» բառին, որուն քրտական եւ թրքական սահմանումները կրնան ամբողջովին տարբեր, նոյնիսկ հակադիր բաներ ըլլալ։ Իրաքի քրտական իշխանութիւնները նախապէս արգիլեցին Քիւրտիստանի իսլամական շարժումի գործունէութիւնը, երբ Միացեալ Նահանգներէն գանգատեցան, թէ այդ շարժումը մօտէն առնչուած է «Քայիտա»ի հետ։ Պէտք է նկատի ունենալ սակայն, որ «Քայիտա» կազմակերպութիւնը վերազգային շարժում մըն է եւ քիւրտերու քաղաքական ձգտումներուն հետ որեւէ առնչութիւն չունի եւ մինչեւ իսկ իր վերազգային բնոյթին պատճառով այդ ձգտումներու իրականացման համար ընթացող ազգային պայքարին համար վտանգ մը կը ներկայացնէ։ Միւս կողմէ՝ ՔԲԿը թէեւ Թուրքիոյ համար ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է եւ հիւսիսային Իրաքի իշխանութիւններուն համար՝ Մասուտ Պարզանիի եւ Ճալալ Թալապանիի ղեկավարած կուսակցութիւններուն մրցակից, սակայն անոնց նման քրտական կազմակերպութիւն մըն է։ Երկրորդ, որ ինքնին շատ խօսուն է եւ յաւելեալ մեկնաբանութեան չի կարօտիր, «Շրջանային կառավարութեան գերիշխանութիւն» արտայայտութիւնն է, որ անշուշտ կը մտահոգէ Թուրքիան, որ հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական պետութեան մը կազմութեան մղձաւանջէն կը տառապի։ Վերջերս Իրաքի կառավարման ապակեդրոնացման եւ երկրին բաժանման եւ ցեղագրական ու յարանուանականօրէն բաժնուած շրջաններուն յաւելեալ իշխանութիւն տալու Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի առաջարկին քիւրտերու զօրակցութիւնը կու գայ այդ մղցաւանջը աւելի հրահրելու։
Թուրքիոյ կառավարութիւնը անշուշտ գիտակից է այս բոլորին, սակայն իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ՔԲԿի յարձակումները չարաշահող Թուրքիոյ աշխարհիկ ուժերուն ճնշումին ու յաչս թուրք հասարակական կարծիքին՝ չէր կրնար ձեռնածալ մնալ։ Նոյն ատեն, նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու ընդդիմութիւնը, ան չէր կրնար թրքական բանակին հիւսիսային Իրաք մուտք գործելու հրամանը տալ։ Ուստի այս համաձայնագիրը ստորագրելով՝ վեց ամիսով (մինչեւ համաձայնագրի գործադրութեան համակարգումի յանձնախումբի նիստը) յետաձգած կ՚ըլլայ հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական գործողութեան մը որոշումը։ Թուրքիոյ կառավարութեան համար այս համաձայնագիրը չարեաց փոքրագոյնն է եւ ժամանակ շահելու խաղ մը։ Վերջերս Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան պատրաստակամութիւն յայտնեց Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերուն արտօնել Իրաքէն հեռանալու համար թրքական հողամասերը օգտագործել, մինչեւ իսկ կոչ ուղղեց՝ այդ հեռացման ժամանակացոյց մը ճշդելու։ Խնդիրը այն է, որ ներկայիս թրքական բանակին հիւսիսային Իրաք ներխուժելը վտանգաւոր հարց է եւ կրնայ Միացեալ Նահանգներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն լուրջ հարուած մը հասցնել, սակայն ան անհամեմատօրէն աւելի վտանգաւոր է, երբ տեղի ունենայ ամերիկեան ուժերու ներկայութեան։ Այդպիսի քայլ մը թրքական բանակը ուղղակի բախումի մը մէջ կը դնէ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերուն հետ։ Արդարեւ, ամերիկացի բարձրաստիճան սպաներ թուրք կարգ մը պաշտօնատարները զգուշացուցած էին, որ հիւսիսային Իրաք մուտք գործելու պարագային «մեզ պիտի գտնէք ձեր դիմաց կանգնած»։
Եթէ վերոնշեալ համաձայնագրէն 4րդ յօդուածը չզեղչուէր, այդ մէկը Թուրքիոյ պիտի արտօնէր Իրաքի կառավարութեան թոյլտուութեամբ մուտք գործել հիւսիսային Իրաք եւ այդ քայլին ամերիկեան ընդդիմութիւնը եթէ ոչ շրջանցել, առնուազն մեղմացնել։
Յամենայն դէպս Իրաքի կառավարութենէն արտօնութեան մը բացակայութիւնը թրքական բանակին համար արգելք մը չէ, որ հիւսիսային Իրաք ապաստանած ՔԱԿի զինեալներուն դէմ սահմանափակ զինուորական գործողութիւններ կատարէ։ 1988-1999 տարիներուն ան նմանօրինակ 20 գործողութիւններ կատարած է, իսկ վերջերս քրտական գիւղեր ռմբակոծեց եւ իր մասնայատուկ ուժերը հիւսիսային Իրաքի մէջ ռազմավարական դիրքեր գրաւեցին։ Ուստի այս բոլորէն կարելի է հետեւցնել, որ սոյն համաձայնագիրը ձեւական է եւ թրքական իշխանութեան կողմէ՝ ընդդիմութեան աչքին փոշի ցանելու փորձ մը, որ ձախողութեան դատապարտուած է։ Իշխանութիւնները լաւ կը գիտակցին Թուրքիոյ պահանջներուն բաւարարութիւն տալու մէջ իրենց ձախողութեան եւ անոր համար ալ կը փորձեն զայն ներկայացնել իբրեւ առաջին քայլ մը, որ՝ «կարելի եղածին չափ պէտք է ընդլայնի»։