ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Սեպտեմբեր 19-20ի պատերազմէն ետք, արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւնը, նոր մարտահրաւէրի առջեւ դրաւ ոչ միայն Հայաստանի իշխանութիւնները եւ ժողովուրդը, այլ նաեւ ամբողջ սփիւռքահայութիւնը։
Ճիշդ է որ բազմաթիւ երկիրներ օժանդակութեան ձեռք մեկնեցին եւ միլիոնաւոր տոլարներու յատկացումներ կատարեցին, տեղահանուած արցախցիներուն համար, ճիշդ է նաեւ որ Հայաստանի իշխանութիւններու նիւթական յատկացումներ կատարելու որոշում կայացուց, սակայն այդ բոլորը տեղ հասա՞ն կամ ի՞նչ համեմատութեամբ տեղ հասան, հարցական է։
Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու օժանդակութեան հասան նաեւ բարեսիրական եւ հասարակական կազմակերպութիւններ։ Անոնք իրենց կարելիութեանց սահմաններուն մէջ կը սատարեն արցախցի մեր հայրենակիցներուն։ Միաժամանակ բարերար անհատներ եւս սկսան անհատաբար այցելել տեղահանուած ընտանիքներուն եւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել անոնց։ Այս երեւոյթը շատ դրական եւ քաջալերելի է, որովհետեւ բարերարը անձամբ շփում ունենալով տեղահանուած ընտանիքներու հետ, կը տեսնէ անոնց վիճակը, կը լսէ զանոնք, կը հասկնայ անոնց պէտքերը եւ իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ՝ կ՛օգնէ։
Այսօրինակ օժանդակութիւնները, թէկուզ եւ փոքր, անհրաժեշտութիւն է տեղահանուած արցախցիներուն համար։ Առնուազն պէտք է բոլոր պայմանները ստեղծել, որպէսզի անոնք մնան Հայաստանի մէջ։ Այս իրողութիւնը յաւելեալ ուժ կու տայ անոնց պահանջատէր ներկայանալու համայն աշխարհէն։ Միւս կողմէ, 100,000 արցախցիներու ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ կը բարելաւէ երկիրին ժողովրդագրական պատկերը։ Հայաստանի իշխանութիւնները եւս պարտաւոր են ապահով եւ ընդունելի միջավայր եւ մթնոլորտ ստեղծել, որպէսզի անոնք չարտագաղթեն, ինչպէս պատահեցաւ 1990ականներուն, Պաքուի, Գանձակի, Սումգայիթի եւ Արցախի հիւսիսային շրջաններու եւ գիւղերու բնակիչներուն հետ։
Դեկտեմբեր 8-14ին Երեւան էին Հոլիվուտի մէջ գործող ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի ուսուցիչներ Սեւակ Անդրէասեան եւ Գէորգ Սարգիսեան։ Անցնող Սեպտեմբերի պատերազմին յաջորդող օրերուն, դպրոցի տնօրինութիւնը որոշած է դրամահաւաք կազմակերպել եւ օժանդակել տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն։ Նշենք որ 2016էն ի վեր, նշեալ դպրոցը ամէն տարի նիւթական յատկացում կը կատարէ զոհուած եւ հաշմանդամ դարձած զինուորներու ընտանիքներուն։ Իւրաքանչիւր տարի, անոնք 10-15 ընտանիքի առձեռն կը փոխանցեն այդ օժանդակութիւնը։ Անցեալ Սեպտեմբերի պատերազմի օրերուն, դպրոցի աշակերտները եւ որոշ պատասխանատուները կը գտնուէին Հայաստան։ Վերադարձէն ետք, անոնք անմիջապէս գործի լծուած են գումար հաւաքելու։ Պաշտօնէութիւն, ծնողներ եւ աշակերտներ միասնաբար կազմակերպած եւ աշխատելով հաւաքած են բաւական կոկիկ գումար մը։
Վերոնշեալ գումարը որոշուած էր բաժնել Գառնիի տարածքին գտնուող գիւղերուն (Ողջաբերդ՝ 4 ընտանիք, Գեղադիր՝ 16 ընտանիք, Հացաւան՝ 11 ընտանիք, Բանաւան՝ 3 ընտանիք, Գառնի՝ 119 ընտանիք եւ Գողթ՝ 17 ընտանիք) մէջ տեղաւորուած արցախահայերուն։ Սեպտեմբերեան պատերազմէն ետք, այս գիւղերուն մէջ հաստատուած էին 227 ընտանիք, որոնցմէ 57 ընտանիք ժամանակի ընթացքին տեղափոխուած էին այլ շրջաններ (Երեւան, Չարենցաւան, Վայք, Գորիս եւայլն)։
Հինգ օրերու ընթացքին 170 ընտանիքներու այցելելով, Ալեք Փիլիպոսի նշեալ ուսուցիչները, իրենց որդեգրած սկզբունքային գործելաձեւին համաձայն, արցախցի ընտանիքներուն ձեռամբ յանձնեցին դպրոցի կողմէ ղրկուած նիւթական օժանդակութիւնները։
Այս այցելութիւններու ընթացքին, բնականաբար անոնք հանդիպեցան տխուր տեսարաններու։ Կային զոհուած զինուորներու ընտանիքներ, որոնց ցաւը կրկնակի է։ Իսկ ամէնէն սարսափելին, Սեպտեմբեր 25ի պայթումին զոհ գացածներու ընտանիքներու պարագան էր։ Այդ պայթումին մեծ եղած է թիւը երիտասարդներու, որոնք գացած էին պենզին ապահովելու, որպէսզի իրենց ընտանիքը Հայաստան տեղափոխեն։ Այդ երիտասարդ զոհերէն է նաեւ Արցախի մէջ վերջին պսակադրուող երիտասարդը։ Ան պսակուած էր Օգոստոս 30ին եւ զոհուած՝ Սեպտեմբեր 25ին…
Պէտք է ընդգծել որ Գառնիի տարածքին տեղաւորուած 170 ընտանիքներէն շուրջ 20ը կ՛ապրի շատ դժուարին եւ ոչ-բնական պայմաններու մէջ։ Ի հարկէ այդ չի նշանակեր նաեւ որ մնացեալին կենցաղային պայմանները շատ լաւ են։ Ի վերջոյ բոլորն ալ գաղթական են։ Անոնք գրեթէ ոչինչ բերած են իրենց հետ։ Կային ընտանիքներ, որոնք նոյնիսկ հագուստ չեն կրցած բերել։
Նշեալ տարածքի գիւղերուն մէջ անոնք կը բնակին վարձու տուներու մէջ։ Դժբախտաբար կան տանտէրներ, որոնք այս ողբերգութիւնը շահագործելով տուները բարձր գինով վարձու տուած են։ Արդար ըլլալու համար պէտք է նշել նաեւ, որ կային բարեխիղճ տանտէրեր, որոնք անվարձահատոյց տրամադրած էին իրենց բնակարանները։
Ընտանիքներուն այցելութեան ընթացքին պարզուեցաւ, որ երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը եղած է Արցախի բանակի զինուոր եւ հետեւաբար այլ մասնագիտութիւն չունին, ինչ որ կը դժուարացնէ անոնց աշխատանք գտնելու կարելիութիւնները։ Այս հանգամանքը աւելի կը դժուարացնէ անոնց ընկերային-տնտեսական դրութիւնը։
Ալեք Փիլիպոսի Ազգային վարժարանի գովելի այս նախաձեռնութիւնը, ձմրան եւ տարեմուտի նախօրէին, կաթիլ մըն է տեղահանուած արցախահայութեան ծով կարիքներուն համար։ Անիկա պէտք է վարակիչ դառնայ սփիւռքեան բոլոր կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն եւ անհատ բարերարներուն համար։
Օժանդակութեան այս ձեւը եւ ճիշդ ժամանակը մեծ ուրախութիւն էր մեր հայրենակիցներուն համար։ Ինչպէս նշեցինք, ամէն ինչ պէտք է ընել, որպէսզի կարելի ըլլայ Հայաստանի մէջ անոնց գոյատեւելու եւ ապրելու պայմաններ ստեղծել։ Ի վերջոյ քաղաքականութեան մէջ մնայուն վիճակներ չկան։ Պէտք է գիտակցինք որ արցախահայութեան Հայաստանէն հեռացումը կը նշանակէ Արցախի վերջնական կորուստը։