18 Դեկտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հայ-յունական եւ հայ-կիպրական երկկողմ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւնները:
Յունական կողմէն խորհրդակցութիւններուն մասնակցեցաւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան ընդհանուր հրամանատարութեան միջազգային յարաբերութիւններու վարչութեան պետ, զօր. Վասիլէոս Եամիսի, իսկ կիպրական կողմէն` Կիպրոսի ազգային զօրագունդի ընդհանուր հրամանատարի միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ, գնդապետ Ալքիւիատիս Ալքիւիատիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնները:
Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի` Կիպրոսի Հանրապետութիւն եւ Յունաստանի Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցելութիւններուն արդիւնքները, երկկողմ եւ եռակողմ համագործակցութեան ընթացքը, նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան պաշտօնակիցներուն ներկայացուց Հայաստանի զինուած ուժերու բարեփոխումներուն ընթացքը:
Խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ կողմերը ստորագրեցին Հայաստան-Յունաստան, Հայաստան-Կիպրոս եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս ռազմական համագործակցութեան 2024 թուականի ծրագիրները, որոնք կը ներառեն քանի մը տասնեակ միջոցառումներ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ: