ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` ՀՕՄԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԻՆ ՀԵՏ
Վարեց՝ ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

ՀՕՄը իր աշխարհասփիւռ միաւորներով մնայուն ներկայութիւն եւ դերակատար է համայն հայութեան կեանքին մէջ, միութեան կամաւոր նուիրեալները ներկայ են հոն, ուր կարիք կայ, ուր տնտեսական կամ ընկերային տագնապ կայ, ուր կայ հայորդի մը, որ անօթի է, առանձին է, հիւանդ է, ծանր պայմաններու տակ է, կամ նոյնիսկ կ՛ուզէ իր հարցերուն բաժնեկից ունենալ: Կարելի չէ չհպարտանալ իր ուսերուն ճակատագրական առաքելութիւն առած այս միութեան հովանիին տակ անսակարկ նուիրումով գործող վեհանձն անդամներուն մեղուաջան ծաւալուն գործունէութեան ի տես, չփափաքիլ ըլլալ մէկը անոնցմէ, որոնք կու տան, սակայն նոյն ատեն կը ստանան գոհունակութիւն եւ անկեղծ շնորհակալութիւն:
Հոկտեմբերին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ՀՕՄի բարձրագոյն ժողովին, անոր անցեալի ու ապագայի գործունէութեան մասին խօսելու, այս տագնապալի օրերուն անոր դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնելու միտումով , «Ազդակ»ը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ ՀՕՄի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանի հետ.
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Հոկտեմբերի կէսերուն, Հայաստանի մէջ համախմբուեցան ՀՕՄի աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչները` Համահայկական 73րդ պատգամաւորական ժողովին ընթացքին քննարկելու կատարուածը եւ ծրագրելու կատարուելիքը: Այս ժողովը տեղի ունեցաւ հայութեան համար բաւական դժուար եւ որոշ յուսալքութեամբ լեցուն ժամանակաշրջանի մը մէջ, սակայն, ժողովին յաջորդող օրերուն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը ցոլային յոյսի նշոյլներ, որոնց այսօր ազգը կարիք ունի՝ առաւել քան երբեք:
Խնդրեմ` նախ խօսիք այս ժողովի ընդհանուր մթնոլորտին եւ անոր ընթացքին արձանագրուած իրագործումներուն մասին:
ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ.- Ճիշդ է` ՀՕՄի Համահայկական 73րդ պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ հայութեան համար բաւական ծանր պայմաններու մէջ, մանաւանդ որ, պատգամաւորներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ ՀՕՄի Արցախի միաւորի ընկերուհիները: Խառն զգացումներով մտիկ ըրինք անոնց սրտաճմլիկ պատմութիւնները: Արցախի ՀՕՄի ատենապետուհիին ձայնը տակաւին կը հնչէ ականջիս մէջ, երբ ան ըսաւ. «Անցեալին Տէր Զօրը` այսօր Բերձորը…», եւ այս նախադասութիւնը լսելով` ժողովասրահին մէջ չմնաց մէկը, որուն աչքերը չարցունքոտեցան:
Անշուշտ ժողովին կեդրոնացումը եղան Արցախը եւ բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը, որոնք՝ առաւել քան 100,000, կը գտնուին Հայաստանի տարբեր շրջաններու եւ մարզերու մէջ:
Հակառակ յուզմունքի եւ զայրոյթի զգացումներուն` մէկ իրականութիւն յստակ էր մեր բոլորին, որ ՀՕՄը չի վհատիր, եւ ՀՕՄուհին յուսահատութիւն չի ճանչնար:
Շարունակեցինք մեր ժողովները առաւել վճռակամութեամբ, որոշումներ տուինք անմիջական օժանդակութեան ծրագրաւորումներով, տեղւոյն վրայ իսկ արցախահայութեան համար հանգանակութիւն կատարեցինք, եւ գոյացաւ մօտաւորապէս 500,000 ամերիկեան տոլար:


Անդրադարձանք մեր բոլոր մնայուն ծրագիրներուն` ըլլա՛ն անոնք կազմակերպչական, յարաբերական, նիւթական, կրթական, առողջապահական, թէ՛ քարոզչական: Լուսարձակի տակ առինք մեր բոլորին սիրտին խօսող եւ պարծանք բերող ծրագիրներէն Ախուրեանի Մօր ու մանկան առողջապահութեան կեդրոնը եւ ծննդատունը: Մեծ հպարտութեամբ ըսեմ, որ հիմնուած օրէն` 1997էն, մինչեւ այսօր, առաւել քան 20,000 ծնունդներ արձանագրուած են այդ կեդրոնին մէջ: Այստեղ, փակագիծ մը բանալով` յայտնեմ, որ ծննդատունը իր դռները բացաւ նաեւ բոլոր արցախահայ ծնունդ ակնկալող կիներուն դիմաց, եւ մենք` ՀՕՄուհիներս, ծննդատունը տուած մեր այցելութեան ընթացքին բախտը ունեցանք հանդիպելու արցախահայ առաջին նորածինին` մանչ զաւակ մը, զոր անուանած էին Աւետ, որովհետեւ փրկուած էին թշնամիին ճանկերէն: Նկատի ունենալով այս կեդրոնին կարեւորութիւնը, ժողովը լուրջ կերպով արծարծեց կարելիութիւնը` ընդարձակելու անոր տարածքը, նաեւ որոշում տրուեցաւ ուսումնասիրելու կարելիութիւնը` նախաձեռնելու նոյնպիսի կեդրոնի մը կառուցման Հայաստանի հարաւը:
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Ժողովին յաջորդող փուլին եւ մինչեւ օրս տակաւին արցախահայութեան նուիրուած դրամահաւաքը կը շարունակուի ՀՕՄի գործունէութիւն ծաւալող տարբեր շրջաններու մէջ: Այսօր, արդեօք գետնի վրայ, ի՞նչ աշխատանք կը տարուի իրենց հարազատ հողը կորսնցուցած արցախահայ մեր քոյր-եղբայրներուն շատ դժուար վիճակի գէթ որոշ չափով բարելաւման համար, մանաւանդ որ ազգովին կը գիտակցինք, թէ որքա՜ն ծով կարիքներու դէմ յանդիման կանգնած է այսօր իր տունէն բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը:
Լրատուական տարբեր ծառայութիւններէ կ՛իմանանք, որ ՀՕՄի Հայաստանի մասնաճիւղը աշխուժ կերպով կը գործէ այս ուղղութեամբ, խնդրեմ` մանրամասնեցէք:
ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ.- Աշխարհասփիւռ, 27 երկիրներու մէջ գործող ՀՕՄի միաւորներուն եւ մեր առատաձեռն բարերարներուն շնորհիւ, արցախահայութեան օժանդակութեան մեր դրամահաւաքը երբեք չէ դադրած եւ կը շարունակուի:
Առաջին հերթին` մեր գլխաւոր նպատակն էր՝ շտապ օգնութիւն հասցնել՝ ապահովելով սննդեղէն, հագուստ, անկողին, ծածկոցներ, մաքրութեան իրեր եւ, այս բոլորին կողքին, բնակարան: Համահայկական ժողովէն առաջ իսկ արդէն ՀՕՄի ընկերուհիները համախմբուած՝ լծուած էին այս աշխատանքի: Իսկապէս մեծապէս գնահատելի է:
Հայաստանի ՀՕՄի միաւորի ընկերուհիներուն նուիրումը եւ ժրաջան աշխատանքը բացառիկ է, որովհետեւ անոնք ոչ միայն կրցան կազմակերպել 73րդ Համահայկական ժողովը, այլ նաեւ` շուտափոյթ օժանդակութիւն հասցնել բռնի տեղահանուած արցախահայութեան: Անոնց միանալով ՀԵՄի, ՀՄԸՄի, Համազգայինի եւ կամաւոր երիտասարդական ուժեր` մինչեւ օրս յաջողեցան հասցնել մօտաւորապէս 7000 արկղեր` իւրաքանչիւր արկղ 100 տոլար արժողութեամբ, որ կը նշանակէ, թէ ՀՕՄը օգնութիւն հասցուցած է առաւել քան 30,000 հայորդիներու:
Ասոր զուգահեռ, տրամադրուեցան նաեւ խոհանոցային պիտոյքներ բոլոր անոնց, որոնք դիմեցին Հայաստանի ՀՕՄի գրասենեակին:
Այստեղ պէտք է նաեւ յիշել սքանչելի նուիրումը ՀՕՄի մեր բարեկամներուն, որոնք բնակարաններ ունին Հայաստանի մէջ, զանոնք տրամադրեցին արցախահայ անտուն ընտանիքներու, նոյնիսկ ժողովին ընթացքին ՀՕՄական մը տեղւոյն վրայ սիրայօժար իր բնակարանը դրաւ բռնի տեղահանուած արցախահայ ընտանիքի մը տրամադրութեան տակ:


ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- ՀՕՄը Արցախի մէջ իր գործունէութիւնը շարունակեց մինչեւ վերջին վայրկեան, չյուսահատեցաւ, իր ծրագիրներուն մէջ ընկրկում չարձանագրեց, այլ օգնեց` կարիքներուն եւ պայմաններուն համաձայն: Այսօր, արդէն փակ են ՀՕՄի մեծաթիւ մանկապարտէզները, որոնք մնացին Արցախի մէջ: Որքա՞ն ծանր է ասիկա ՀՕՄին համար, իսկ միութեան Արցախի միաւորը ի՞նչ ճակատագիր ունի այսօր. Անիկա պիտի շարունակէ՞ գործել եւ ինչպէ՞ս:
ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ.- ՀՕՄի համար մեծ ցաւ է կորսնցնել իր պանծալի ձեռքբերումներէն մին, այս պարագային` «Սօսէ» մանկապարտէզները. այս ցանցին սկիզբը 1998 թուականն է` Ստեփանակերտի մէջ հաստատուած առաջին մանկապարտէզով. իսկ 20 տարի ետք թիւը հասաւ 12ի` շնորհիւ ՀՕՄի միաւորներու նուիրատուութեան եւ բարերարներու հովանաւորութեան: Այսօր բոլորը մնացին թշնամիին ձեռքը:
Սակայն, ինչպէս նշեցի, ՀՕՄը չի գիտեր վհատիլ, առ այդ, անմիջապէս որոշում տրուեցաւ, որ ուսումնասիրենք կարելիութիւնը` ստեղծելու «Սօսէ» մանկապարտէզներու դրութիւնը Հայաստանի մէջ:
Այսօր, Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու 8000 փոքրիկներ կը գտնուին Հայաստանի մէջ: Այս պիտի ըլլայ մեր երկարաժամկէտ ծրագիրներէն մէկը, որ ոչ միայն մանկապարտէզ կամ մանկամսուր ստեղծել կը միտի, այլ նաեւ աշխատանքի առիթ ստեղծել մեր բռնագաղթուած արցախահայ ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն:
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Հայրենիքէն եւ Արցախէն բացի` ՀՕՄը ներկայ եւ դերակատար է Սփիւռքի մէջ, յատկապէս` այն գաղութներուն, որոնք տարբեր տագնապներ եւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան ուշադրութեան կիզակէտը հանդիսացան տնտեսական տագնապէն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն մեծապէս տուժած լիբանանահայութիւնը եւ երկրաշարժի արհաւիրքը ապրած սուրիահայութիւնը: Հիմնական ի՞նչ ուղղութիւններով գործունէութիւն ծաւալեց վարչութիւնը նախորդին եւ այսօր ի՞նչ նոր ծրագիրներ ունի այս գաղութներուն վերաբերող:
ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ.- ՀՕՄի իւրաքանչիւր միաւոր մէկ մասնիկն է ՀՕՄի մեծ ընտանիքին, նոյնը նաեւ` մեր գաղութները, որոնց ՀՕՄը կը ծառայէ: Այսօր, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր միաւորները կը շարունակեն դիմագրաւել տագնապալից իրավիճակ` իրենց գաղութներուն մէջ: Սուրիա եւ Լիբանան մաս կը կազմեն ՀՕՄի անմիջական օժանդակութեան ծրագիրներուն: Ինչպէս նախորդին ՀՕՄը նեցուկ կանգնեցաւ` բարոյապէս եւ նիւթապէս սատարելով տեղւոյն ծրագիրներու իրագործման, նոյնը պիտի շարունակուի, եւ օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի երկու գաղութներու բոլոր մարդասիրական եւ բարեսիրական ծրագիրներուն, օրինակ` «Պնակ մը տաք ճաշ» ծրագիրը Սուրիոյ պարագային եւ «Պնակ մը կերակուր» ծրագիրը Լիբանանի պարագային` տաք ուտելիք տրամադրելով տնտեսական եւ ընկերային ծանր կացութեան մէջ եղող մեր ընտանիքներուն:
Ունինք նաեւ երկու գաղութներուն վերաբերող «Ամանորի ծրագիր»ը, որուն միջոցով նուէրներ եւ յատկացումներ կը կատարուին լիբանանահայ եւ սուրիահայ մանուկներու: Ուրախ եմ ըսելու, որ ՀՕՄը որոշում տուաւ նիւթապէս օժանդակելու Այնճարի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» Կազդուրման կայանի վերանորոգութեան: Առաւել, արժեւորելով արեւմտահայերէնի պահպանումը եւ հայերէնաւանդ ուսուցիչներ պատրաստելու կարեւորութիւնը, տարեկան յատկացումով` նիւթապէս պիտի սատարէ Հալէպի Համազգայինի հայագիտական հիմնարկին:


ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- ՄԱԿի մէջ եւս ՀՕՄը ունի հասանելիութիւն, ներկայութիւն է եւ կրնայ որոշ գործունէութիւն ծաւալել. կարելի՞ է այս մասին տեղեկութիւններ տալ:
ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ.- 1970ական թուականներէն ի վեր, ՀՕՄը աշխուժ եղած է ՄԱԿին մէջ: Միութիւնը ՄԱԿին մէջ կը գործէ 2 գլխաւոր յանձնախումբերու հետ` մէկը ECOSOC-ը (Economic and Social Council), որուն շարքերուն միացած է 28 Մայիս 1998ին, եւ միւսը Department of Public Information-ը (DPI). կը մասնակցինք զանազան յանձնաժողովներու, ինչպէս` Կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Commission on the Status of Women (CSW) եւ առողջապահութեան` UN Health: Այս յանձնախումբերուն միջոցով կը մասնակցինք ՄԱԿի կազմակերպած ժողովներուն` Նիւ Եորքի եւ Ժընեւի մէջ, ուր կը բարձրացնենք եւ կը հետապնդենք հայ ժողովուրդը յուզող հարցերը եւ մտահոգութիւնները: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ՀՕՄի www.ars1910.org կայքը:
Դժբախտաբար, «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած համաշխարհային համաճարակը վերջին 4 տարիներուն արգելք հանդիսացաւ խորհրդաժողովներուն, որոնք կա՛մ չեղեալ համարուեցան, կա՛մ առցանց տեղի ունեցան. նոյն այդ պատճառով կարելի չեղաւ ՀՕՄի ՄԱԿի վարժողական ծրագիրը իրագործել:
Նորակազմ Կեդրոնական վարչութիւնը կեանքի կոչեց ՄԱԿի յանձնախումբը, որ մօտ օրէն դարձեալ պիտի սկսի իր ծրագրաւորումներուն:
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Երբ կ՛ըսենք ՀՕՄ, մեր մտապատկերին վրայ կը պարզուին մեր մեծ մայրերէն սկսած նուիրեալ կամաւորները` մինչեւ այսօրուան մեր առաքեալի դեր կատարող ընկերուհիները: Ինչի՞ մէջ կը կայանայ այս միութեան անդուլ եւ անվհատ աշխատանքին գաղտնիքը: Այս առիթով նաեւ, խնդրեմ ձեր խօսքը ուղղէք աշխարհի չորս ծագերուն ապրող հայ երիտասարդներուն` ՀՕՄի մասին եւ իբրեւ ՀՕՄի մեծ ընտանիքին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը:
ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ.- Գթութիւն, նուիրում, կամաւոր աշխատանք եւ ազգանուէր ծառայութիւն… ՀՕՄի մշտադալար առաքելութիւնը…
Առաւել քան 113 տարիներու պատմութիւն ունեցող Հայ Օգնութեան Միութիւնը` ծնած իր ժողովուրդի կարիքներէն, կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ դարեր եւս իր ազգանուէր ծառայութիւնը իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին` շնորհիւ կամաւորներու իր փաղանգին:
Խօսքս ուղղելով մեր սիրելի հայ երիտասարդութեան` կ՛ըսեմ անոնց, որ այսօր կը գտնուինք լուրջ գոյատեւման պայքարի դէմ յանդիման. դո՛ւք էք մեր ապագայ յոյսը եւ հայ ազգի գանձերը. ձեզի կը վստահինք մեր հայ ազգի հարուստ ժառանգութիւնը եւ պատմութիւնը: Հայրենասիրութեամբ պահպանեցէք զայն եւ միշտ յիշեցէք, որ ձեր ներդրումը` ըլլա՛յ անիկա մեծ թէ փոքր, պիտի կերտէ Սփիւռքի մեր գաղութներու եւ Հայաստանի համայն հայութեան ապագան` ստեղծելով անխափան կապեր, միասնականութիւն` ի շահ մեր ազգի բարգաւաճման:
Ձեր կամաւոր աշխատանքը եւ ազգանուէր ծառայութիւնը պարտաւորութենէ աւելի է. անիկա պատիւ է, որ կը զօրացնէ մեր հայրենիքը եւ կը պահպանէ մեր ինքնութիւնը:
Ինչպէս մեր նախնիները վստահեցան մեզի՝ այսօր ես եւս կու գամ ըսելու, որ ՀՕՄը հաւատք ունի ձեզի հանդէպ` իբրեւ մեր հայ ազգի ապագայի ճարտարագէտները եւ մեր անցեալի ժառանգութեան պահապանները: Եկէ՛ք` միասնաբար հայ դպրութեան ջահը պահենք մշտավառ` միշտ մնալով հաւատարիմ մեր կարգախօսին` «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար»: