


ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի առաքելութիւնը եղած է ու կը մնայ հայ նոր սերունդներու հայրենասիրական եւ ազգային վեհ գաղափարի ուխտով դաստիարակութիւնը, որ նաեւ կը փոխանցէ ազնուագոյն միտքը եւ ոգին՝ օժանդակելու հայրենիքի բարգաւաճման եւ օգնութեան ձեռք երկարելու` ըստ ժամանակի եւ կարիքի:
Վերջին շրջանին, ցաւոտ իրականութիւն դարձած հայկական Արցախի կորուստը եւ արցախահայ մեր հայրենակիցներու բռնի տեղահանութիւնը՝ խոր ցաւով համակեց համայն հայութեան սիրտը:
«Փիլիպոս»ի մեծ ընտանիքը, արդար տնօրինումով եւ ազգային վեհ գաղափարներով օժտուած, ղեկավարութեամբ՝ վարժարանիս տնօրէնուհի Մարալ Մատէնլեան Դաւիթեանի, արցախեան վերջին տարաբախտութեան օրերուն, միշտ պատնէշի վրայ պահելով եւ առաջնորդելով վարժարանս, ոչ միայն իրազեկ կը մնար անցուդարձներուն եւ բողոքի ցոյցերուն, այլ անմիջական եւ միասնական ջանքերով՝ ծրագրեց եւ իրականացուց դրամահաւաքի երեկոյ մը, նուիրուած՝ արցախահայութեան օժանդակութեան, որ սիրայօժար եւ սրտբաց ընդունելութիւն գտաւ «Փիլիպոս»ի նուիրուած զոյգ շրջանաւարտներ՝ տէր եւ տիկ. Յովիկ եւ Ճիզէլ Շահինեաններու բնակարանին մէջ։ Սոյն երեկոյին հաւաքուած ազնիւ ծնողներու եւ բարերարներու նուիրատուոթեամբ յաջողեցանք յարգելի գումար մը գոյացնել՝ ի նպաստ բռնի տեղահանուած արցախահայ մեր հայրենակիցներուն, որոնք այժմ կայք հաստատած են Հայաստանի տարածքին:



Առ այդ, ընթացիկ ամսուան 9էն 1 5 Դեկտեմբեր, պաշտօնական առաքելութեամբ վարժարանիս տնօրէնութիւնը զոյգ պատասխանատու դաստիարակները՝ Գէորգ Սարգիսեանը եւ Սեւակ Անդրէասեանը ուղղորդեց հայրենիք, որպէսզի անոնք անձամբ այցելեն տեղահանուած արցախահայ ընտանիքներուն եւ շօշափելի հիմքերով, իրենց իսկ ձեռամբ փոխանցեն վարժարանէս սիրով հանգանակուած նիւթական օժանդակութիւնը:
Մեր պատասխանատուները զգացական բայց հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ այցելեցին 174 ընտանիքներու Հայաստանի Ողջաբերդ, Հացաւան, Բանաւան, Գառնի եւ Գողթն շրջաններուն մէջ, ուր միջին հաշիւով ընտանիքները հինգ անդամներէ բաղկացած էին. կային պարագաներ, երբ երբեմն մէկ տան մէջ կ՛ապրէին երեք ընտանիքներ եւ կարգ մը ընտանիքներու մէջ կային 6-7 մանուկներ, որոնք նաեւ շատ խեղճ եւ չքաւոր պայմաններու մէջ կ՛ապրէին:
Անոնք բռնի տեղահանուած են Ասկերան, Մարտունի, Մարտակերտ, Ստեփանակերտ եւ Հադրութի շրջաններէն։
Ի դէպ, շատ մը ընտանիքներ քանի մը անգամներ տեղահանուած էին՝ Շուշի-Ստեփանակերտ-Գառնի, Սիսիան-Քաշաթաղ-Ստեփանակերտ-Ողջաբերդ… եւ այլն։



Առաւել եւս, ըստ մեր պատասխանատուներու սերտած տուեալներուն, յիշեալ ընտանիքները իրենց բնիկ հողին վրայ, ընդհանրապէս զբաղած եղած են հողագործութեամբ, մեղուաբուծութեամբ, ագարակապանութեամբ, իսկ երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը ժամկէտային ծառայողներ եղած էին:
Այս յիշելով, տակաւին կարգ մը ընտանիքներ ունէին այլ ցաւեր կորուսեալ անմիջական հարազատներու, ինչպէս՝ զոհուած ամուսին, զաւակ կամ հայր, իսկ կարգ մը պարագաներ՝ նոյն ընտանիքին մէջ արձանագրուած էին մէկէ աւելի զոհեր, մէկէ աւելի խոր ցաւեր…:
Ըստ մեր «բանագնաց» զոյգ պատասխանատուներուն, իրնք ականջալուր եղած էին տեղահանուած ընտանիքներու ոչ միայն առօրեայ հոգերուն, այլ նաեւ անոնց ունեցած հետագայ անորոշութեան՝ կեցութեան հարցով։ Անոնց որոշ տոկոսը մինչեւ Ապրիլ 2024 կրնան մնալ իրենց յատկացուած բնակարաններուն մէջ, որմէ ետք դարձեալ պիտի տեղափոխուին այլ վայրեր: Իսկ տուներու վարձքը բաւակ սուղ է:
Ստացուած այս տեղեկութիւնները եւ մտահոգութիւնները կ՛անհանգստացնեն մեր բոլորին հոգիները։
Վերջապէս, որքա՞ն կրնայ շարունակուիլ այս անկայուն եւ անորոշ կացութիւնը, երբ մտածենք, թէ եթէ մեծահասակները երկար ժամանակ գործ չգտնեն եւ անգործ մնալով՝ յուսահատութեան մատնուին վիճակը շատ աւելի ահաւոր պիտի դառնայ:

Աւելին, եթէ փոքր մանուկները պէտք եղած սնունդը եւ կրթութիւնը չստանան՝ կացութիւնը ոչ միայն ցաւալի, այլ շատ աւելի վտանգաւոր պիտի դառնայ եւ ազդէ անոնց առօրեային վրայ՝ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս:
Այս բոլորը նկատի ունենալով, եթէ մեր հայրենի ներկայ պետութիւնը եւ ղեկավարութիւնը յստակ ծրագիր եւ ռազմավարութիւն մը չունենայ՝ արցախահայութեան այս դժուար կացութիւնը մեղմացնելու եւ բարւոք լուծում մը գտնելու՝ ահռելի իրականութեան մը առջեւ կրնանք գտնուիլ ազգովին:
Մտահոգութիւնը եթէ մե՛րն է, պարտաւորութիւնը ազգովին մե՛րն է, անկասկած:
Եկէ՛ք, միասնաբար ողջամիտ ըլլանք եւ մեր ազգին արժանավայել ազնիւ ու արդար օժանդակութիւնը ցուցաբերենք, որպէսզի տօնական այս օրերուն գէթ մեղմացնենք մեր հայրենակիցներու առօրեայ մորմոքը եւ ցաւը: