Ռուսիա եւ Հայաստան կը քննարկեն ռազմական արհեստագիտութեան գծով համագործակցութեան ոլորտի մէջ նոր համաձայնագիրներ։ Այս մասին «Թասս»ին յայտնեց Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին։
«Կարգ մը անհատական համաձայնագիրներու մէջ իսկապէս կան հարցեր՝ ռուսական ձեռնարկութիւններու պարտաւորութիւններու գծով՝ կատարել պաշտպանութեան պետական պատուէրը, սակայն ատոնք աշխատանքային հարցեր են, որոնք կը լուծուին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններու միջեւ երկխօսութեան իբրեւ արդիւնք», յայտնեց դեսպանը։
Ըստ Քոփիրքինի՝ ռազմական արհեստագիտութեան համագործակցութեան ոլորտին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած գրեթէ բոլոր համաձայնագիրները աւարտած են ժամանակին եւ բարձր որակով։
Քոփիրքին շեշտեց, որ երկու երկիրներու ռազմական արհեստագիտութեան համագործակցութիւնը երկար աւանդութիւն ունի եւ անիկա 25 Յունիս 2013ին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ռազմական արհեստագիտութեան համագործակցութեան զարգացման մասին համաձայնագիրին վրայ հիմնուած է։
Խօսելով Հայաստանի՝ ՀԱՊէն դուրս գալու հաւանականութեան մասին՝ Քոփիրքին ըսաւ. «Այս հարցին մէջ մենք առաջին հերթին կ՛առաջնորդուինք Հայաստանի ղեկավարութեան պաշտօնական յայտարարութիւններով, ըստ որոնց, ՀԱՊԿէն Հայաստանի Հանրապետութեան դուրս գալու հարցը ներկայիս օրակարգի վրայ չէ։ Ինչպէս գիտէք, յաջորդ տարի Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի նախագահէ Եւրասիական տնտեսական միութեան»։
Ան աւելցուց, որ խորհրդակցութիւններու ընթացքին ռուսական եւ հայկական կողմերը համաձայնած են գործնական կապի ուղիներու ստեղծման շուրջ՝ հնարաւոր տարակարծութիւնները լուծելու՝ երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ոգիով։