Միացեալ Նահանգները տակաւին կը զգուշանայ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները ամբողջութեամբ քանդելէ, սակայն Մոսկուա չի բացառեր Ուաշինկթընէն այդպիսի քայլ մը: Այս մասին «Ինթըրֆաքս»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:
«Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները իսկապէս յայտնուած են մահաքունի վիճակի մէջ, եւ անիկա պատահեցաւ է Ուաշինկթընի մեղքով, որ ոչ միայն ձեւակերպեց, այլ նաեւ ամրապնդեց Ռուսիոյ ռազմավարական պարտութիւն հասցնելու սխալ եւ վտանգաւոր մօտեցումը», նշեց Ռիապքով:
Ռիապքով ընդգծեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները կը գտնուին «գրեթէ զերօ» մակարդակի վրայ եւ աւելցուց, որ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու ամբողջական խզումը Մոսկուայի համար անակնկալ պիտի չըլլայ:
«Այսինքն` այդ մէկը իրականութեան մէջ պիտի յանգեցնէ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի մէջ դիւանագիտական ներկայութեան մակարդակի պաշտօնական նուազումին կամ նոյնիսկ ամբողջական խզման», նշեց Ռիապքով:
«Կրնանք Ամերիկայի հետ մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզել, եթէ սառեցուած ռուսական հաշիւները գրաւէ», աւելի ուշ յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: