
ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ
Պատանեկան տարիներուս շատ անգամ Շաբաթն ու Կիրակին կ՛անցընէի մեծ հօրս` Գրիգոր Գազազեանի տունը։ Ան Այնթապէն էր եւ ինծի միշտ հին պատմութիւններ կը պատմէր` 1905էն սկսեալ իր անցուցած կեանքի տառապանքներուն մասին, մանաւանդ` ջարդի յիշատակներէն:
Իր պատմած դէպքերէն ամէնէն կարեւոր մասը, որ զիս տպաւորած էր, իր կեանքի զինուորական բաժինն էր:
Երբ 1911ին զինք օսմանեան բանակին մէջ զինուորական պարտականութեան կանչեցին․ բանակի 42րդ զօրագունդին եւ 124րդ գումարտակին հետ զինք ղրկեցին Լիպիա: 42րդ զօրագունդը բաղկացած էր 4000 զինուորներէ եւ, ըստ իրեն, մօտ 50-60 հայեր կային հոն:

Մեծ հայրս կը պատմէր, որ զիրենք նաւերով ուղարկեցին Թրիփոլի, Լիպիա, ուրկէ 124րդ գումարտակը ղրկեցին Պենկազի:
Այդ թուականներուն Լիպիան Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէր, եւ հոն կային նոյնիսկ Եմէնէն ու Սոմալիայէն ղրկուած ուրիշ զինուորներ, որոնց ընդհանուր թիւը մօտ 20,000 կը հաշուէր, եւ անոնց զօրավարներն էին Էնվեր փաշան եւ Մուսթաֆա Քեմալը:
Առաջին ամիսները շատ հանգիստ անցուցին իրենց եղած տեղը, միայն անապատին տաքը իրենց նեղութիւն կու տար:
Մեծ հայրս կը պատմէր, որ շատ անգամ ծով կը մտնէին լողալու կամ ձուկ բռնելու, կարծես երկար եւ հաճելի արձակուրդ մըն էր իրենց հոն ըլլալը: Բայց այդ հաճելի արձակուրդը դադրեցաւ, երբ իտալական նաւատորմը սկսաւ ռմբակոծել Թրիփոլին եւ Պենկազիի զօրանոցները:
Անշուշտ ո՛չ մեծ հայրս, ո՛չ ալ թուրք զինուորները գիտէին հիմնական պատճառները, բայց մէկ օրէն միւսը ենթարկուեցան այդ նեղ կացութեան: Ամիսներով ռմբակոծումները շարունակուեցան, իտալական նաւերը սկսան մօտենալ, եւ 1912ին իտալացի զինուորները սկսան նաւերէն յարձակումներ կատարել թրքական զօրանոցներուն վրայ: Մեծ հայրս կը պատմէր, թէ ինչպէս դիմադրեցին, մանաւանդ որ զինամթերքի պակաս կար, եւ ամէն զինուոր միայն 50 փամփուշտ ունէր, ուստի պէտք էր սպաննուած զինուորներէն փամփուշտներ հաւաքել, որպէսզի կարենան յարձակողներուն դէմ դիմադրութիւնը շարունակել:
Օրերը անցան, օսմանեան բանակին վիճակը վատթարացաւ, եւ իտալացիները աւելի զօրաւոր զէնքերով ու մեծ թիւով սկսան յառաջանալ եւ քաղաքներ ու գիւղեր գրաւել, մինչ օսմանեան ուժերը օրէ օր սկսան քաշուիլ դէպի անապատները: Օրերով անապատներուն մէջ առանց ջուրի, առանց ուտելիքի տառապեցան, մանաւանդ` հալածուած իտալական բանակներէն, վերջաւորութեան կրցան հասնիլ Աքապա կոչուող նաւահանգիստը, ուրկէ ուղղուեցան Երուսաղէմ, ապա Դամասկոս եւ վերջապէս Այնթապ` իր ընտանիքին մօտ, 1912ին կամ 1913ին:
Իր այս պատմութիւնը շատ ազդած էր վրաս եւ դրոշմուած էր մտքիս մէջ, ժապաւէնի մը նման․ կ՛երեւակայէի այդ դէպքերը եւ եթէ հեղինակ ըլլայի, ժապաւէնի կը վերածէի այս պատահածները:
Տարիները անցան, եւ ես ուսումս շարունակելով` հասայ Վենետիկի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանը, ապա` Փարմա քաղաքը, ուր համալսարան արձանագրուեցայ բժշկութեան. հայրս ալ, իր կարգին, Փատովա ուսանելէ ետք, բժշկութեան իր մասնագիտութիւնը ամբողջացուցած էր Փարմա քաղաքի համալսարանին մէջ, որ 1400 տարուան հնութիւն ունեցող նշանաւոր համալսարաններ էր, եւ ուր հանդիպած էր մօրս, որ բժշկութիւն կ՛ուսանէր: 1941ին` Համաշխարհային Բ. պատերազմին, անոնք ամուսնացան ու կազմեցին ընտանիք:
Մայրս Իտալիոյ Փարմա քաղաքէն էր, եւ երբ Փարմա համալսարանը յաճախելու սկսայ, ամէն շաբաթավերջ կ՛երթայի մեծ մօրս քով` Քոլորնօ քաղաքը, որ Փարմայէն մօտ 10 քիլոմեթր անդին գտնուող գիւղաքաղաք մըն էր: Մեծ մայրս 2 ոսկի մետալ ստացած էր իտալական կառավարութենէն, որովհետեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն համախոհականներուն (Partisan) կ՛օգնէր, նոյն ատեն աշխատած էր իր շրջաններուն մէջ եւ շատ անձեր ազատած` գերմանացիներուն ձեռքէն, ուստի իր անունը յիշուած է հրապարակի Ազատութեան արձանին տակը:
Հոն` իր տան մէջ անդրադարձայ, որ երիտասարդ զինուորի մը նկարը կար 1911էն եւ այդ զինուորը իմ մեծ հայրս էր` Գարլօ Ճիովանարտին (Carlo Giovanardi), որ իր նկարը մեծ մօրս տուած էր, երբ նշանուած էին:
Խօսակցութեան մէջ մեծ մայրս յիշեց, որ մեծ հայրս պատերազմի չգացած, զինուորական համազգեստով այդ նկարը յանձնած էր իրեն` իբրեւ յիշատակ: Երբ հարցուցի մեծ մօրս. «Ո՞ւր պատերազմի գնաց մեծ հայրս», «Լիպիա գնաց,- ըսաւ,- թուրքերուն դէմ պատերազմի, Թրիփոլի կամ Պենկազի, հիմա լաւ չեմ յիշեր…»:
Հոն ապշած մնացի եւ վայրկեան մը չկրցայ ամփոփուիլ, թէ լսածս իրականութի՞ւն էր, թէ՞ երազ:
Նկարին մէջ օձիքին եւ գլխարկին վրայ` 11 թիւը կար, ուրկէ ի յայտ եկաւ, որ ան 11րդ զօրագունդին մաս կը կազմէր, այսինքն` այն իտալական «Մարինզ» կոչուած զինուորներուն, որոնք նաւերէն իջնելով` յարձակեցան ցամաքի վրայ գտնուող թրքական զօրանոցներուն վրայ:
Իմ իտալացի մեծ հայրս իտալական մարինզ եղած է, ամբողջ կեանքը զինուորական պաշտօն ունեցած է եւ 1942ին դարձեալ, գնդապետ եղած ատեն, ուղղուած է Ռուսիոյ ճակատ Համաշխարհային Բ. պատերազմին եւ չէ վերադարձած… եւ մայրս իր մէկ հատիկ աղջիկ զաւակն էր եւ միշտ իր մասին կը պատմէր մեզի:
Անշուշտ իր մասին չէ, որ ընտանեկան պատմութիւնս կ՛ուզեմ յիշել, բայց պարզապէս երկու մեծ հայրերուս` Գրիգոր Գազազեանի եւ Գարլօ Ճիովանարտիի դէմ դիմաց պատերազմիլը…
1970ականներուն համացանց կամ այսօրուան որոնողական կայքերը չկային․ սկսայ երկար ատեն արխիւներու մէջ փնտռել, թէ ո՛ր թրքական բանակը եւ ո՛ր իտալական բանակը իրարու դէմ պայքարեցան… Վերջաւորութեան փաստը ունեցայ, որ իտալական մարինզները, որոնք դիպուկահար կը կոչուէին, եւ թիւ 11 զօրագունդը ճակատ բացին թրքական 42րդ զօրագունդի 124րդ գումարտակին դէմ, Պենկազի քաղաքին մէջ, ուր իտալացիները յաղթական դուրս եկան, եւ ինչպէս հայ մեծ հայրս կ՛ըսէր` «անապատ ստիպուեցանք քաշուիլ, քանի զինամթերք չունէինք եւ ոչ ալ` դիմադրելու համար պէտք եղած ուժը»:
Օրերով մտածեցի, երազեցի, ստուգեցի այս պատմական դէպքը եւ վերջաւորութեան ստիպուեցայ ընդունիլ այն իրականութիւնը, որ զուգադիպութիւն կը կոչուի, անհաւատալի զուգադիպութիւն, ուր 2 մեծ հայրերս, 2 տարբեր թշնամի բանակներու մաս կազմելով` դէմ դիմաց կռուեցան տարբեր դրօշակներու տակ…
Այս դէպքին առնչութեամբ յաճախ կը խօսէի նաեւ մօրս հետ, որուն հայրը միշտ կը պատմէր թուրքերու կռուելու վայրի եւ ծայրայեղ ձեւին մասին` նշելով, որ անոնք ամէն անգամ պարտութիւն կրելնուն, իրենց ոխը կ՛առնէին տեղացի գիւղացիներէն, որոնք կ՛ատէին թուրքերը:
Անշուշտ իմ իտալացի մեծ հայրս երբեք մտքէն չէր կրնար անցընել, որ օր մը իր մէկ հատիկ աղջիկը ամուսնանայ այդ թուրք բանակի զինուորներէն մէկուն տղուն` Յակոբ Գազազեանի հետ, որ 1935ին Վենետիկի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանը գնաց, ապա Փատովա եւ ետքը Փարմա քաղաքը` բժշկութիւն ուսանելու:
Կեանքը զարմանալի անակնկալներ ունի, եւ երբեմն անհաւատալի դէպքեր կը պատահին: Ես այս ձեւով կարծեմ բախտաւոր գտնուեցայ իմ ընտանեկան պատմութեանս մէջ ունենալով 2 թշնամի մեծ հայրեր, որոնց զաւակները զիրար սիրելով` ամուսնացան… Աստուած այդ ձեւով ջնջեց ակամայ թշնամութիւնը եւ այնպէս մը դասաւորեց, որ յաղթական ըլլայ անսահման սէրը, եւ երբ կը մտածեմ այս անհաւատալի դէպքերուն մասին, աչքերս կը լեցուին արցունքներով…
Այսօր Գրիգոր Գազազեանը կը հանգչի Հալէպի գերեզմանատունը, իսկ Գարլօ Ճիովանարտի` անորոշ տեղ մը… Ռուսիոյ հսկայ տարածութեան դաշտերէն մէկուն մէջ…