Իսրայէլի դեսպանը Թուրքիա պիտի չվերադառնայ, քանի դեռ այդ երկրին մէջ իշխանութեան ղեկին Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանն է, յայտարարեց Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն:
Քոհեն նաեւ շեշտեց, թէ Իսրայէլի դեսպանը տուն կանչելը «ճիշդ եւ արդարացուած» որոշում էր:
Էրտողան 27 Դեկտեմբերին, Անգարայի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն համեմատած էր նացիական Գերմանիոյ ղեկավար Ատոլֆ Հիթլերի հետ:
«Նեթանիահուի արարքները կը տարբերի՞ն Հիթլերի արարքներէն: Ան աւելի հարուստ է, քան Հիթլերը: Իսրայէլ աջակցութիւն կը ստանայ Արեւմուտքէն. ամէն տեսակի աջակցութիւնը կու գայ Ամերիկայէն», ըսած էր Էրտողան:
Նեթանիահու հակադարձած էր, որ Էրտողան «վերջինն անձն է, որ կրնայ բարոյական խրատ տալ մեզի»՝ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու ցեղային զտումներուն եւ լրագրողներու հետապնդումներուն լոյսին տակ: