
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Որպէսզի ժողովուրդ մը գտնէ իր ինքնութիւնը, պէտք է ան ուշադիր ըլլայ իր լեզուին եւ ազատութեան»:
Թէօ Անկելոփուլոս, յոյն մտաւորական, շարժապատկերի աշխարհի մեծերէն, Ի. դար
Հայ թերթը, հայախօս-հայագիրը, շարունակուող, փոքրացած կամ դադրած, ազգի գոյութենական հերոսապատումի արձանագրութիւն է, saga, իր հիմնադիրներով, խմբագիրներով, աշխատակիցներով, ընթերցողներով գրաշարներով, տպողներով, վաճառողներով, ցրուիչներով: Անիկա մեր պատմութեան հայելին է, որուն մէջ կը նայինք, պէտք է նայիլ, չմոռնալու համար ինքնութիւն, անցած ուղի՝ որ գրական-բանաստեղծական առասպել չէ: Անիկա բազմանուններու ազգ պահողներու եւ ազգ կերտողներու ինքնատիպ յանձնառութեան վկայութիւն է, վկայարան, ուր կը պահուի խորքը, առանց որուն միայն օդին մէջ մնացող խօսքեր կ՛ըսուին հայու եւ Հայաստաններու մասին:
Եթէ չըլլար Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ»ը՝ կ՛ունենայի՞նք Րաֆֆի, եթէ չըլլար Պոլսոյ «Ազատամարտ»ը՝ կ՛ունենայի՞նք Գրիգոր Զօհրապ, Վարուժան, Սիամանթօ: Առանց Պոլսոյ հայկական հայերէն մամուլին կ՛ունենայի՞նք արեւմտահայ գրականութիւն:
Մնացած կ՛ըլլա՞ր ինքզինք արեւմտահայ համարող ժողովուրդ:
Եղած կ՛ըլլայինք «փարիա»ներու անինքնութիւն ամբոխ: Այս մասին կը մտածե՞նք ամէն անգամ, երբ հայերէն խօսքը եւ հայերէնով տպուած թուղթը կը դարձնենք օտարախօս եւ օտարագիր:
Սփիւռք(ներ)ի, հայ մամուլը բազմաբնոյթ դերերու կոչուած է, լրատուութենէ տարբեր, առաջ եւ վերջ
Հայ մամուլի պատմութիւնը դարերու վրայ տարածուած անհեթեթ թուացող արկածախնդրութիւն է, որ Հայաստանով ըմբռնուած ԱՇԽԱՐՀներէն դուրս, հեռաւոր Մատրասէն սկսած է, հասած է Եւրոպաներ, Արեւելահայաստան, Արեւմտահայաստան, հիմա արդէն ամէնուրեք՝ ուր հայ կայ:
Բանակ եղած է բազմամբոխ եւ աշխարհատարած հայ մամուլը, ազգի տարտղնուած հաւաքականութիւններու միացման, գոյութեան եւ յիշողութեան ինքնատիպ բերդ, մշակոյթ եւ հարազատութիւն պահող ու աճեցնող, միշտ մնալով մեր ժողովուրդի դժուար կեանքի հայելին:
Հիներ եւ նորեր, մեր օրերու աղմուկէն պահ մը եթէ անջատուինք, քաջութիւն ունենանք արժեւորումներ կատարելու հայ մամուլին ունեցած ազգապահպան դերի եւ ուժականութեան մասին եւ անսեթեւեթ կերպով գնահատենք մեր ներկան, հաւատարմութիւնները, յանձնառութիւնները եւ վաղուան տեսիլքը, մանաւանդ յանդգնինք տէր ըլլալ հարազատի եւ արժէքներու, կ՛ընդգրկուինք վերականգնումի ընթացքին մէջ:
Ի՞նչ կ՛ըսէ ամենագէտ համացանցի էջը.
– «Հայկական առաջին պարբերականը՝ «Ազդարարը», լոյս տեսած է 1794-96 թուականներուն (Մատրաս, Հնդկաստան) Յարութիւն Շմաւոնեանի ջանքերով: Տպագրուած է 18 թիւ (տետրակ), իւրաքանչիւրը՝ շուրջ 50 էջ»:
– Հետագայ տասնամեակներուն, թերթեր եւ հանդէսներ հրատարակուած են աշխարհի հայահոծ վայրերու հայկական տպարաններու մէջ. Վենետիկի 1799ի «Տարեգրութիւն»ը, Մոսկուայի՝ 1829ի «Մուզայք Արարատեան»ը, Զմիւռնիոյ՝ 1830ի «Ազգասէր»ը, Թիֆլիսի՝ 1846ի «Կովկաս»ը, Վիեննայի՝ 1847ի «Եւրոպա»ն, Փարիզի՝ 1855ի «Արեւելք»ը, Թէօդոսիոյ՝ 1859ի «Մասեաց Աղաւնի»ն, Մանչեսթըրի՝ 1863ի «Երկրագունդ»ը եւ այլն: Ամէնէն երկարակեաց հայկական պարբերականը «Բազմավէպ»ն է, որ կը գործէ 1843էն մինչեւ օրս:
– Արեւելահայ առաջին պարբերականը «Արեւելեան Ծանուցմունք» շաբաթաթերթն է (1816, Աստրախան): Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին հրատարակուած առաջին պարբերականը Էջմիածինի «Արարատ» հանդէսն է (1868-1919): Երեւանի առաջին պարբերականը «Պսակ» լրագիրն է (1880), Շուշիինը՝ «Հայկական Աշխարհ» հանդէսը (1874)»: Եւ դեռ անուններ, զորս չեմ թուեր մոռացումով չմեղանչելու համար: Գումարէցէ՛ք օտարալեզու «հայկական»ները:
Հայագիր թերթը ժառանգութիւն է եւ մեր պատմութեան շնչող օրագրութիւնը: Անիկա մեր կեանքի վարձու սենեակը չէ, ինչպէս որ է օտարախօս եւ օտարագիր հետաքրքրասիրութեան ծառայող հայկական մամուլը:
Հայկական, հայախօս եւ հայագիր թերթերը միշտ եղած են հայ մշակոյթի եւ լեզուի պատուանդան, հայերէն խօսք եւ հայերէն գիր բերելով Սփիւռք կոչուած գաղթականներուն, անոնց, յիշեցնելով իրենց արմատները եւ ինքնուրոյնութիւնը, որ տոկալու եւ տեւելու ազգային քաղաքականութիւն է:
115 տարեկան է «Ասպարէզ» թերթը, հայրենահանուած արեւմտահահայ ժողովուրդի առօրեայ շնչառութեան տոմարն է, սկսած Ֆրեզնոյի մէջ, փոխադրուած՝ Լոս Անճելըս:
Հայրենահանուած արեւմտահայ այդ ժողովուրդը ցարդ ինքնութիւն, քաղաքական գիտակցութիւն եւ անոնց հունով յանձնառութիւն պահեց իր լեզուի եւ մշակոյթի պատուանդանին վրայ: Սփիւռքի հայերէն թերթը եղաւ եւ է հանրակրթարան: Հոն, ուր հայերէն թերթը հայու տուներէն բացակայած է, օտարացումը ծաղկած է, հայու ինքնութեան վտանգումը բնական դարձած է, բնական համարուած է, օտարախօսութիւնը եւ անոր հունով հարազատ ինքնութիւնը նահանջած է, իր տեղը տալով, ինչպէս սովորութիւն է ըսել՝ զգացումով կամ ծագումով հայերու, որոնք, բախտաւոր պարագային զբօսաշրջիկ են կամ բարեսէր:
Այսօր, հայ թերթը ամէն օր քիչ մը աւելի ինքզինք կը սահմանափակէ սոսկ լրատուամիջոցի եւ քարոզչութեան դերի մէջ, նոյնիսկ երբ կը հանդիպինք գրականութեան եւ արուեստի վերաբերող էջերու, անոնք լրատուութեան եւ քարոզչական սահմանին մէջ կը մնան:
«Ասպարէզ»ը հայրենահանուածներու գաղթականութեան, անոր դատին, լեզուին եւ մշակոյթին տոկալու եւ տեւելու բեմը հանդիսացաւ աւելի քան դար մը: Պահեց աւանդները:
Այս առիթով պէտք է խօսիլ ոչ միայն թերթի դերին մասին, այլ նաեւ անոր քաղաքական եւ ազգապահպան կենսական որակին, որովհետեւ հասնելով իւրաքանչիւրին, եթէ հասնի, անիկա ունի հոգեբարոյական, մշակութային եւ կրթական առաջնորդի դեր:
Այս ամեակին առիթով, պէտք է խօսիլ հայ մամուլին մասին ոչ միայն իբրեւ լրատուամիջոց, այլ նաեւ՝ ազգի ժառանգութիւն եւ ինքնութեան ապահով պահպանման, որ քաղաքական գիտակցութիւն է, անոր ընկերացող հին եւ անմիջական պատմութիւն, լեզու է, ընդհանուր հասկացողութեամբ մշակոյթ: Համագումար՝ ժառանգուած եւ ապրող ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ: Այս միշտ պէտք է կրկնել: Առանց այս ըմբռնումին՝ թերթը կը դառնայ տպուած թուղթ, լրատուամիջոցը՝ առանց հարազատութեան եւ որակի կ՛ըլլայ աղմուկ եւ շատախօսութիւն:
Թող ներուի երբեմն ոչ-ուղղափառ համարուելիք մտորումներ ունենալ:
Յաճախ կը մոռնանք, որ ազատ, քննադատական, միջամտութիւններէ եւ ճնշումներէ զերծ հետախուզական եւ ազատ մամուլը ճիշդ լուսաբանելու, ճիշդ ուղղութիւն որդեգրելու կարելիութիւն ստեղծելու կոչուած կառոյց է: Մամուլը, լրագրողները, թերթի պատասխանատուները միշտ իրենք իրենց նկատմամբ իրատեսական վերաբերում ցուցաբերելով՝ կը մնա՞ն նշուած սկզբունքային ոլորտի մէջ, կը մերժե՞ն ճնշումները, անմակարդակ կողմնապաշտութիւնները, հաւատարիմ մնալով հիմնական քաղաքական եւ հոգեբարոյական սկզբունքներու:
Սփիւռք(ներ)ի մամուլը, Սփիւռքի լեզուամշակութային տեղատուուական պատշաճեցումներու ընթացքին, դարձաւ բազմալեզու, գործնապաշտական նկատումներով բաւարարութիւն տալու համար ազգային լեզուէ խորթացածներուն, որ այլապէս պարտութեան խոստովանութիւն է:
Միշտ կը յիշեմ հայ մամիկի մը իմաստութիւնը՝ որ կ՛ըսէր. «Ամէն անգամ որ ուղտ մը ծունկը գետին կը դնէ՝ հոն քարվանսարայ չի շինուիր»: Մենք այդպէս ալ բազմացուցած ենք օտարալեզու լրատուամիջոցները, «ծունկը գետին դրածներ»ուն համար: Երբ մարդիկ հայերէն չեն սորված, չենք յաջողած հայերէն սորվեցնել, ընթացքին հետեւելով հայկական թերթի լեզուն փոխած ենք, ինչ որ մեր քաղաքական պարտութիւններուն շարունակութիւնն է, մեր մոլորակային այլասերումներուն պատկերը:
Վերջին երեսնամեակին Սփիւռքի արեւմտահայերէն հայկական լրատուամիջոցները, գործնապաշտական բայց ոչ ինքնութեան պաշտպանութեան նկատումներով, երբեմն ներխուժուեցան նաեւ սովետահայերէնով, բառամթերք եւ ուղղագրութիւն, զորս երբեք պէտք չէ շփոթել Թումանեանի, Ահարոնեանի, Րաֆֆիի արեւելահայերէնին հետ: Սովետահայերէնը, իր աբեղեանական ուղղագրութեամբ եւ օտար բառերու կուտակումով, ամէն օր քիչ մը աւելի կը զեղծէ արեւմտահայերէնը, անոր շարունակութիւն եղած ուղղագրութիւնը, զոր մինչեւ այսօր, վերջին մոհիգանները կը կոչեն ԴԱՍԱԿԱՆ կամ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ: Կարծէք նահանջի եւ անհետացման դէմ պատնէշները քանդուած են, պատեհապաշտութեամբ եւ ամբոխավարական նկատումներով կը մասնակցինք արեւմտահայերէնի կորուստին, առանց պահ մը կանգ առնելով՝ մտածելու, որ անիկա արեւմտահայ ժողովուրդի, անոր իրաւունքին եւ դատին հոգեբարոյական պատուանդանն է:
Այսօր, հայերէնը կը զեղծուի նաեւ տառադարձուած բառերով, յաճախ ամենազօր համակարգիչի ԲԱԶԱյի պահանջով, երբ բազմադարեան ՅԱԿՈԲը կը դառնայ ՀԱԳՈՊ, կամ TEXAS-ը կը գրուի ՏԵԽԱՍ, հրէական բանակ TSAHAL-ը կը դառնայ ՁԱԽԱԼ, հայերէնը օր մը կը դառնայ ցախաւել…
Արեմտահայաստանի եւ անոր ժողովուրդի դատը կ՛անցնի լեզուի եւ մշակոյթի պաշտպանութեան հունով:
Եթէ ժողովուրդին գիտակցութիւնը ամէն օր լուսաւորելու առաքելութիւն եւ սկզբունք ունեցող մամուլը իր հարազատութիւնը, իր անխառն լեզուն կորսնցնէ, կը դառնայ խառնիճաղանճային անինքնութեան յառաջացման հարթակ:
«Ասպարէզ»ը, ինչպէս նաեւ հայկական բոլոր լրատուամիջոցները, եթէ բծախնդրութեամբ հայկական որակը չպաշտպանեն, եթէ լքեն այդ որակը, ընթերցողի թուաքանակի կամ առեւտրական նկատումներով, կը դառնան ազգավնաս, նոյնիսկ եթէ փորձեն թափարումներով շարունակութիւն ըլլալ, հանրութիւն զբաղեցնել յանկերգներով, Հայաստան կ՛ըսեն «շաբլոն» խօսքերով: Պէտք է հարց տալ՝ ի՞նչ բանի շարունակութիւն կ՛ըլլայ:
Արդէն առաւել քան մէկ դարու պատմութիւն ունեցող «Ասպարէզ» թերթը, իր հայերէն եւ անգլերէն էջերով, ազգապահպան եւ իրաւունքի հետապնդման դերի կոչած է ինքզինք: Երկու պարագային ալ հայ թերթը, ուր որ ալ գտնուի, որոնց կողմէ ալ խմբագրուի եւ հրատարակուի՝ գտնուելով համայնքի մը մէջ, համայնքային ըլլալէ աւելիի դերին սահմանուած է, անիկա ազգային-քաղաքական կոչում ունի: Այս կոչումը իբրեւ օրակարգ ունի ազգի իրաւունքի հետապնդումը եւ վերականգնումը: Այս օրակարգը պէտք չէ նուազուրդի ենթարկուի համայնքային, տեղական, քաղքենիական, եւ տեղայնական պատճառներով եւ պատշաճեցումներով, անոնք ըլլան ընդհանրապէս տեղական-քաղաքական կամ տեղական-մշակութային:
Հայկական թերթը, որ ուղղուած է հայուն, տեղատուութեան եւ նահանջի բեմ չէ, պէտք չէ ըլլայ:
Հայրենահանուած արեւմտահայութիւնը այս իրողութիւնը երբեք մտահան պէտք չէ ընէ:
Հեռանկար ունեցող քաղաքականութիւն հետապնդելու համար, հայ մամուլը պէտք է մնայ իր պատմաիրաւական հիմերուն վրայ, առանց ամեակներու, տարեդարձներու եւ շրջապատի քաղաքական, գաղափարական իրարու բախուող քաղաքական-տնտեսական կամ տեսական ներածուած աղմկարարութիւններուն ցանցին մէջ մնալու, «իզմ»երու եւ «իսդ»երու…
Անցեալին Հայ թերթը՝ իբրեւ լրատուամիջոց, քաղաքականը, ազգայինը, նոյնիսկ իր համայնքային առումով, ինքզինք չէր անջատած մշակոյթէ, տեսաբանականէ, ազգային-քաղաքականէ: Իմաստութիւն է հասկնալ, որ ազգի լինելութեան վերաբերող հարցերը ճիշդ չէր, եւ չէ երշիկի պէս շերտել:
Հայ մամուլը միաժամանակ գրականութեան բեմ էր: Գրականութիւն, մշակոյթ, քաղաքականութիւն, գաղափարաբանութիւն, իրարմէ անջատել պերճանք էր եւ է: Մերօրեայ հայ մամուլի էջերը, Հայաստանէն եւ Սփիւռք(ներ)էն զիրար կրկնելով, քաղաքական լուրեր կը հաղորդեն, վերլուծումներ կ՛ընեն, բայց ստեղծագործական մշակոյթի տեղ չունին:
Եթէ մեր պատմութիւնը գիտնայինք, առանց բանտարկուելու գովերգականի եւ բանավէճայինի մէջ, պիտի տեսնէինք, որ իր ծննդոցին մէջ այդպէս չէր մամուլը, նոյնիսկ տեսաբանական-քաղաքականը: Մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդ մը, ինչպէ՞ս կրնար եւ կրնայ իրարմէ անջատել լրատուութիւնը, մշակոյթը, քաղաքականը, նաեւ իրտեսական-տեսաբանական առումով, մշակոյթէն, գրականութենէն:
Այս հարցերուն մասին կը մտորէի, եւ հետեւելով անբուժելի հիւանդութեանս, գիրքերուս եւ հին թուղթերու մտերմութեան մէջ կը փորձէի մոռնալ կամ հասկնալ մեր անփառունակ ներկան, զինուորներու պէս շարուած հատորներու արանքէն հին «Դրօշակ»ներու պրակ մը յայտնուեցաւ: Բացի էջերը: 1907ի պրակներ էին:
Կը խօսուէր հայեւթուրք ընդհարումներու մասին, «Ղափանի Դէպքերը» խորագիրին տակ, ինչպէս այսօր կը խօսինք Հադրութի եւ Մարտակերտի կռիւներուն մասին: Կը կարդանք նաեւ. «Օգոստոսի 6ին, Ղարաբաղի վրայ յարձակման օրը…» կամ «նահատակուածներ»ու մասին էջեր:
Եւ «ամսալուրեր»:
Ժողովուրդի այդ օրերու ներկային կողքին ներկայ է Սիամանթոյի «Հայորդիները» բանաստեղծութիւնը, լրատուութիւնը գրականութեամբ իմաստաւորող եւ հարստացնող, որ հայ մամուլը կ՛ազատէ ԿԱԶԷԹ (ղազէթա) ըլլալու տխրութենէն:
Այս կ՛ըսեմ անոր համար, որ մամուլ, ժողովուրդ, մշակոյթ, քաղաքականութիւն անանջատելի պէտք է ըլլային, որովհետեւ անոնք միասնաբար ազնիւ քաղաքականութիւն են: Հայ մամուլը այսօր գրականութեան բեմ չէ, բախտաւոր պարագային գրողի մը կամ արուեստագէտի մը գործին կ՛անդրադառնայ՝ իբրեւ լրատուութիւն, որ կը ծանծաղի կողմնապաշտութեան եւ գովերգութեան մէջ:
Հայ մամուլը շատ աւելի օգտակար, հետաքրքրական եւ կառուցողական պիտի ըլլար, եթէ գրականութիւնը մաս կազմէր անոր եռեւեփող ներկային: Այս ընելով՝ հայ մամուլը կ՛ունենար յաւելեալ ազգային եւ մարդկային որակ, կը նպաստէր մշակոյթի եւ գրականութեան զարգացման, զանոնք բերելով ժողովուրդի ներկային եւ առօրեային:
Մեր պատմութեան ներկայ հանգրուանին, մանաւանդ Սփիւռքի, հայ գրականութիւնը բերել մեր ներկային մէջ, կը նպաստէ նոյն այդ Սփիւռքի ինքնութեան գիտակցութեան, եւ գրականութիւնը կը յանձնէ ժողովուրդի դատին, զայն ազատագրելով մասնաւորներու փակ շրջանակէն:
Այսօր, «Ասպարէզ»ը եւ ընդհանրապէս հայկական մամուլը ինքնահաստատման, ժողովուրդի միացման եւ հայ լեզուի իւրաքանչիւրի յարկին տակ վերադարձի փրկութեան լաստ կ՛ըլլան, կ’իմաստաւորեն նոյնինքն լրատուութիւնը ստեղծագործական հարստութեամբ:
«Ասպարէզ»ը, ըլլալով հայրենահանուած հայ ժողովուրդի հաղորդակցական միջոցը՝ անվտանգ պէտք է պահէ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆը, իր բառամթերքով, լեզուով, ուղղագրութեամբ: Այս արեւմտահայուն քաղաքական ազատագրական պայքարի օղակն է նաեւ: Այս կ՛ըսեմ անոր համար, որ արեւմտահայերէնը, նախայարձակման ենթակայ է ոչ միայն անգլերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի, գերմաներէնի, արաբերէնի, թրքերէնի կամ այլ լեզուի մը կողմէ, այլ, այսօր մանաւանդ, արեւելահայերէնի, անոր արդի կոչուած ուղղագրութեան, սովետական տառադարձուած ռուսական բառամթերքի, որուն վրայ բարդուած են «կոմպիւտըրային» բանգիտական հայերէնին հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցող բառեր:
«Ասպարէզ»ը, ինչպէս Սփիւռքի հայագիր-հայախօս մամուլը, Արեւմտեան Հայաստանի դատը վառ պահելու համար իրենց էջերուն վրայ ամէն օր արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան վերականգնումի յեղափոխութիւնը պէտք է իրականացնեն եւ զանազան պատեհապաշտութիւններու եւ պատշաճեացումներու տուրք տալով՝ մշակոյթը, արեւմտահայերէնը, արեւմտահայութիւնը եւ անոր դատը չարձանագրեն պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ:
Այս ընելու համար, տեղական-տեղայնական պայքարները եւ յաջողութիւնները պէտք է գրանցել, առանց կորստեան նահանջներու թափօրին հետեւելու, ցուցադրական (շաու-show) սայլակի մը վրայ նստած, շաբաթավերջի զուարճութիւններ կազմակերպելով կամ անոնց ներկայ ըլլալով: Եւ հարց տալ՝ յետոյ ի՞նչ:
Այսինքն ունենալ համապարփակ տեսիլք եւ զայն կրող թաղային հեղինակութիւններէ տարբեր իրաւ ղեկավարութիւն եւ անոր հետեւիլ:
Փարիզ