«Ասպարէզ»ի 115ամեակին առիթով, խմբագրութիւնս ձեր ուշադրութեան կը յանձնէ թերթիս առաջին խմբագիր, հիմնադիր խումբի անդամ Աբրահամ Սէքլէմեանի գրած բանաստեղծութիւնը, ուր յստակօրէն ուրուագծուած է «Ասպարէզ»ի առաքելութիւնը, անոր որդեգրած սկզբունքները, անոր հաւատամքը:
«Ասպարէզ»ը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ այս տողերուն մէջ բանաստեղծականօրէն բանաձեւուած սկզբունքներուն: Բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է «Ասպարէզ»ի երկրորդ թիւին մէջ, 21 Օգոստոս 1908ին: Կարդացէք եւ դատեցէք.

Ասդին նայէ, ո՛վ «Ասպարէզ»,
Դու մի խրտչիր իմ ասպարէս
Առ սա փունջը խորհրդահիւս,
Որ կը բխի խորէն հոգւոյս:
Սա մութ, խաւար աշխարհին մէջ,
Կ՛այրին մարդիկ հուրով անշէջ,
Քու սափորէդ քչիկ մը ջուր,
Պտիկ, պտիկ, հոն կաթեցուր:
Պալատի պէս ապարանքներ
Ու խորաններ սրբանուէր,
Միշտ կը քանդէ սուլթանն այսպէս,
Ինչո՞ւ չենք գար դեռ ասպարէզ:
Ափ մը միայն քաջ հերոսներ
Կը նկրտին անձնանուէր,
Անդին, սակայն, շատ հայեր կան,
Խոր քունի մէջ դեռ կը խորդան:
Րոպէն թեւեր առած թռչի,
Դէպ անհունին գոգն ամեհի,
Ելի՛ր, փութա՛, եզներդ լծէ,
Սիզուտ մտքերն պեղէ, վարէ:
Էին սիրոյ աղբիւրէն սէր,
Առատ լեցուր դու մեր սրտեր,
Խարազանովդ կայծակնահիւս,
Դու մտրակէ տգէտն ի լոյս:
Զոյգ աչքերովըդ այդ փայլուն
Նայէ դու միշտ թմրեալ հայուն,
Ձայնէ անոր, «Ելի՛ր կրկէս,
Ահա քեզի մեծ ասպարէզ»:
ԾԱՂԻԿ (ԱԲՐԱՀԱՄ ՍԷՔԼԷՄԵԱՆ, «Ասպարէզ»ի հիմնադիրներէն եւ առաջին խմբագիրը)
Ֆրեզնօ, 16 Յուլիս 1908
* Տուներուն առաջին տառերը կը կազմեն թերթիս անունը: