
ՓԻԷՌ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 24 Մայիս 1936ին, Ալեքսանտրէթ)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին՝ Փիէռ Գուբելեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2023ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 12 Յունուար 2024ին, կէսօրէն ետք ժամը 12:15ին, Թագուհի Մարտիրոսաց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, 1327 Pleasant Ave., Los Angeles, 90033, ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr., Los Angeles, 90068։
Սգակիրներ՝
Կինը՝ Արշօ Գուբելեան
Դուստրը՝ Սարին եւ Տէնի Աբրահամեան եւ զաւակները՝ Րաֆֆի եւ Արի
Զաւակը՝ Հայկ Գուբելեան
Եղբայրը՝ Ռէյմոն (Պօղոս) եւ Սեդա Գուբելեան եւ զաւակները՝ Հրաչ, Արմէն, եւ Հուրի՝ իրենց ընտանիքներով
Հանգուցեալ եղբօր՝ Մանուէլ Գուբելեանի զաւակները՝ Գեղամ եւ Պերճ
Հանգուցեալ քրոջ՝ Լուիզա Մարկոսեանի զաւակները՝ իրենց ընտանիքներով (Լիբանան)
Հանգուցեալ քրոջ՝ Փիլար Պասթաճեանի զաւակները՝ իրենց ընտանիքներով (Լիբանան)
Մօրաքրոջ զաւակը՝ Շանթ եւ Նայիրա Մարտիրոսեան
Մօրաքրոջ թոռը՝ Աւագ եւ Վարդուկ Աղազարեան եւ զաւակները
Քենին՝ Ալիս Խաչատուր
Քենին՝ Աստղիկ եւ Արմանտ Մարտիրոսեան
Աներորդին՝ Արթօ եւ Նէնսի Խաչատուր եւ զաւակները՝ Միշէլ եւ Քրիստափոր Խաչատուր՝ իրենց ընտանիքներով
Կնոջ մօրեղբայրը՝ Ճորճիկ եւ Շաքէ Քիւրքճեան եւ դուստրը՝ Թամար՝ իր ընտանիքով
Խնամին՝ Ճորճ եւ Սեդա Աբրահամեան եւ դուստրը՝ Մարիա
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Թագուհի Մարտիրոսաց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, 1327 Pleasant Ave., Los Angeles, CA 90033։