Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Գեղամ Մանուկեան, Աննա Գրիգորեան, Քրիստինէ Վարդանեան եւ Արթուր Խաչատրեան հրապարակեցին յայտարարութիւն մը՝ մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուելիք փաստաթուղթին գծով։
«Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարութիւնում ծանօթացանք Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ բանակցութիւններում շրջանառութեան մէջ դրուած փաստաթղթի նախագծի շուրջ վերջերս Երեւանին յղուած ադրբեջանական առաջարկներին: Չմանրամասնելով փաստաթղթի առանձին դրոյթները` արձանագրում ենք, որ ադրբեջանական առաջարկներն ու մօտեցումները որեւէ կերպ չեն արտայայտում իրական, արդար եւ յարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու ցանկութիւն ունեցող երկրի դիրքորոշումը: Վերահաստատում ենք, որ շարունակում են ուժի մէջ մնալ նախկինում մեր կողմից բարձրաձայնուած բոլոր մտահոգութիւններն ու անհանգստութիւնները, որոնք որեւէ կերպ ոչ միայն չեն փարատւում, այլեւ առաւել խորանում են», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ 25 Դեկտեմբերին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հաստատեց, որ Հայաստան ստացաւ խաղաղութեան համաձայնագիրի բովանդակութեան վերաբերող Ատրպէյճանի վերջին առաջարկները: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով իր կարգին յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պատասխանեց խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերեալ Հայաստանի վերջին առաջարկներուն: Ան նշեց, որ Հայաստանի հետ բանակցային գործընթացը կը շարունակուի եւ կ՛ակնկալուի, որ կողմերուն հանդիպումները տեղի ունենան 2024ին: