Գերմանական Berliner Zeitung թերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու գծով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան զգալի յառաջընթաց արձանագրեցին խաղաղութեան համաձայնագիրի բովանդակութեան վրայ տարուող աշխատանքներուն մէջ։
«Ատրպէյճան Հայաստանի հետ բարեխղճօրէն բանակցութիւններ կը վարէ տարբեր հարթակներու վրայ` յանուն տարածաշրջանին մէջ երկար սպասուած խաղաղութեան: Մենք իսկապէս կը հաւատանք, որ խաղաղ համաձայնագիր ստորագրելու պատմական կարելիութիւն կայ, եւ մենք պէտք չէ զայն մսխենք», ըսաւ Հաճիեւ` նշելով, սակայն, որ տակաւին կան քանի մը չլուծուած հարցեր:
«Առայժմ բարդ է խօսիլ համաձայնագիրի կնքման յստակ ժամկէտներու մասին, որովհետեւ գործընթացը աւարտին հասցնելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պէտք է տարուին յաւելեալ բանակցութիւններ»։
Ըստ Հաճիեւի՝ Իրանով երթեւեկի հաղորդակցութեան նախագիծի իրականացումը չի նշանակեր, որ Հայաստանով երթուղին այլեւս նկատի չ՛առնուիր: «Մենք պատրաստ ենք այս հարցով աշխատիլ Հայաստանի հետ», յայտնեց Հաճիեւ՝ աւելցնելով. «Հայաստանով Նախիջեւանի հետ երթեւեկի հաղորդակցութեան կապերը չեն ազդեր Հայաստանի ինքնիշխանութեան վրայ: Մենք պատրաստ ենք նկառի ունենալու այնպիսի օրինակներ, ինչպէս՝ Քալինինկրատը»,։