Կովկասի մէջ ապահովութեան եւ խաղաղութեան ճամբան կ՛անցնի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեամբ։ Ըստ ատրպէյճանական Report գործակալութեան` այս հաստատումը կատարեց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր:
«Կովկասեան տարածաշրջանը այլեւս հակամարտութիւններու կարիք չունի, այլ՝ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան», յայտնեց ան։
Խօսելով Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին՝ Կիւլեր շեշտեց, որ պիտի շարունակեն զարգացնել ռազմական համագործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ: «Ռազմավարական դաշինքը ամրապնդելու եւ համագործակցութիւնը խորացնելու՝ Անգարայի եւ Պաքուի միացեալ ջանքերը յաջողութեամբ կը շարունակուին», հաստատեց Կիւլեր։