Օրը օրին ապրելու սովորութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ հեռանկարներու անգիտացման, անոնցմով չզբաղելու թերացման: Ազգային գոյութեան նկատմամբ համապարփակ տեսիլք չունինք, հայրենասիրութիւնը աստիճանաբար փոխարինած ենք հայասիրութեամբ եւ զբօսաշրջութեամբ, ազգային կեանքը՝ համայնքային մտմտուքով, ազգային քաղաքականութիւնը՝ տեղական-տեղայնական իրարանցումով, դիրքի որսորդութեամբ եւ կարգախօսներով: Կը խօսուի՞ տեղ մը ազգի աւելի քան կէս Սփիւռքի ներկային եւ ապագային մասին:
Սեղմ շրջանակներու մէջ ազգին չառնչուող խանդավառութիւններ կան, յաճախ հետեւանք Հայաստան այցելութեան կամ Հայաստանէն եկած հիւրերու: Այդ շրջանակները, երբեմն սահմանափակուող խնամի-ծանօթ-բարեկամով, կը շփոթենք համայն ազգին հետ: Բայց Սփիւռքը գրեթէ դադրած է օրակարգ ըլլալէ, ըլլալու պարագային՝ ձեւականութեան սահմաններէն դուրս չի գար: Երբեք բաւարար չափով չենք անդրադառնար Սփիւռքի համրանքին, որ ազգի կէսէն աւելին է, հաւանօրէն երկու երրորդը: Հայաստանէն տեղի ունեցած արտագաղթը, բազմահարիւրհազար, բացասական հետեւանք ունի հոգեբարոյական եւ մշակութային պատճառներով դասական համարուած Սփիւռքի վրայ: Բաժակաճառային եւ մարդորսական մօտեցումները հարց չեն լուծեր, ընդհակառակն, այս զանգուածը կ’առաջնորդեն այլասերման, այսօր աւելի արագ քան երէկ, երբ տակաւին զանգուածային-ապազգային արտագաղթը տեղի չէր ունեցած:
Հայաստանէն տեղի ունեցած արտագաղթը եւ Սփիւռքի անցեալի հզօր եւ կազմակերպուած գաղութներու ապակայունացումը գումարուած չարիք են ազգի տեսանկիւնէն, անհատական ապահովութեան եւ բարօրութեան անզսպելի դարձած մղումները սպառնալիք դարձած են ազգի ապահովութեան, նոյնքան բացասական, որքան Հայաստանի «անվտանգութեան» շուրջ եղածները: Զոյգ երեւոյթները մեզ պէտք է մղեն խորհրդածելու. ի՞նչ չենք ըրած, ի՞նչ կրնայինք ընել, որպէսզի հաւաքականութիւնը չտարտղնուէր այս կամ այն ազդակի բերումով: Կամ, աւելի ճիշդ, շեփորուած կարգախօսները որպէս հետեւանք ունեցա՞ծ են ազգային գիտակցութեան ամրացումը: Եթէ այդ գիտակցութիւնը ամրացած ըլլար, Հայաստանէն զանգուածային արտագաղթ տեղի չէր ունենար, եւ կազմակերպուած հզօր գաղութները չէին խամրեր: Անվիճելիօրէն ապարդիւն եղած են կարագախօսները եւ վերատեսութիւններ անհրաժեշտ են, Հայաստան եւ Սփիւռք:
Գաղութներու մէջ գործող փոքրամասնութիւններ կան, առաւել կամ նուազ աշխոյժ: Բայց կայ նաեւ լուռ կամ անտարբեր ստուար մեծամասնութիւն մը, որուն տոկոսը չի նուազիր, կ’աւելնայ, զայն բաղկացնողները հաւանական թեկնածուներն են օտարման եւ օտարացման: Ոչ մէկ հեռաւոր կամ մօտաւոր ծրագրում կայ այս անտարբերները կամ լուռ մեծամասնութիւնը ազգային նկարագրով պահելու: Գործող փոքրամասնութիւնը պէտք չէ որ մեզ կուրցնէ՝ չտեսնելու համար մեծամասնութիւնը: Մեր հակումը դէպի վերանկախացած Հայաստան մեզ կը փրկէ ազգի աւելի քան կէսին նկատմամբ մեր թերացման խղճահարութենէն: Իսկ զանազան բնոյթի ղեկավարութիւնները այս հակումը իւրացնելով, զայն կ’արձանագրեն իրենց յաջողութիւններու ցանկին վրայ: Սփի՞ռքը… Ի՜նչ փոյթ, հայ կեանքը Հայաստանի մէջ պիտի շարունակուի…
Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոյնիսկ եթէ իտէալական հզօրութեան չէ հասած, գտած է իր վերականգնումի ուղին: Իսկ ի՞նչ պիտի ընեն եւ ի՞նչ պիտի ընենք Սփիւռքի համար: Պարզ է. Սփիւռքի կառոյցները, ամէն կարգի դպրոցներ, եկեղեցի, բարեսիրական, մշակութային ու մարզական միութիւններ, ակումբներ, թերթեր, ձայնասփիւռներ, հեռատեսիլ, չեն մատակարարուիր պետական վարկերով: Կը նշանակէ, որ համայնքները իրենք պիտի ստեղծեն նիւթական միջոցները, որոնք անսպառ չեն: Սփիւռքի հայերը իրենց բնակած երկրին մէջ պարտաւոր են քաղաքացիի իրենց պարտականութիւնները կատարել, առաջին հերթին տուրքերը վճարել, մասնակցիլ համայնքի կառոյցներու ծախսերուն եւ օժանդակել Հայաստանի վերականգնումին: Սփիւռքի բոլոր հայերը մեծահարուստներ չեն եւ համայնքային կառոյցներու մատակարարումը կը կատարուի համեստ մարդոց զոհողութեամբ, նաեւ:
Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներուն այս հարցերուն մասին չխօսուեցաւ: Սփիւռքի այն պատգամաւորները որոնք պատեհութիւն ունեցան խօսելու, անգիտացան Սփիւռքը: Քանի մը անգամ փորձեր եղան սփիւռքեան մասնակի հարցերով ժողովներ գումարելու: Արդ, հարց կու տամ. Հայաստանի պետութիւնը կամ սփիւռքեան կազմակերպութիւն մը, կազմակերպութիւններ, պիտի ուզե՞ն կազմակերպել խորհրդաժողով մը, որ սովորական դարձած ջոջական նկարագրէ տարբեր ըլլայ, զայն նախապէս պատրաստելով. թիւեր, վիճակագրական բազմաբնոյթ տախտակներ, եւայլն:
Հիմա որ պաղ պատերազմը վերջացած է, կարելի կ’ըլլա՞յ հասարակաց ռազմավարութիւն մը ճշդել, ապա ճշդել նաեւ հանգրուաններ, որպէսզի ազգի աւելի քան կէս Սփիւռքը տոկայ եւ տեւէ, ոչ թէ որպէս անդիմագիծ ամբոխ մը ծագումով հայերու, այլ որպէս հայ ազգի իրական եւ ուժական հատուած, որ իր ներդրումը ունենայ ազգի լինելութեան եւ իրաւունքներու վերականգնման մարզին մէջ: