
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կրթական հարցերու բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ «Վերարմատացում» (Rerooted) կազմակերպութեան հետ համագործակցելով՝ նախաձեռնած է 1988էն 1990 տեղի ունեցած Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի ջարդերէն վերապրողներու եւ ականատեսներու վկայութիւնները հաւաքելու աշխատանքին։
Նշեալ քաղաքներէն առաւել քան 300,000 հայերու ցեղային մաքրագործման առաջնորդած ջարդերուն, բռնարարքներուն, բռնաբարութիւներուն եւ տեղհանութիւններուն արձանագրութիւնները պիտի հաւաքուին «Փոկրոմներու հաւաքածոյ» մկրտուած արխիւի մը մէջ, յարգելու համար նշեալ ջարդերու զոհերուն յիշատակը եւ պատմութեան մէջ արձանագրելու անոնց եւ վերապրողներու փորձառութիւնները։
«Վերապրողներու վկայութիւնները յոյժ կարեւոր են արդարութեան հասնելու մեր ջանքերուն համար», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կրթական հարցերու բաժանմունքի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան, իսկ 2017ին հիմնուած «Վերարմատացում» կազմակերպութեան հիմնադիրներէն Անի Շակ շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, որ ընդունեց համագործակցելու առաջարկը, որուն շներհիւ կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել կազմակերպութեան աշխատանքը։
Նշեալ ջարդերէն վերապրողները իրենց վկայութիւնները արձանագրելու համար կրնան այցելել կայքէջը, իսկ այս նախաձեռնութեան կամաւոր աջակցութիւն տրամադրել փափաքողները կրնան այցելել կայքէջը: