Իրան յստակ դիրքորոշումներ ունի Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին եւ տարանցիկ միջանցքներուն վերաբերեալ:
«Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով «Իրնա» գործակալութիւնը, յայտնեց, որ այս մասին յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նասեր Քանանի՝ անդրադառնալով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ Թուրքիոյ երթեւեկի հաղորդակցութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարարին յայտարարութիւններուն:
«Մենք մեծ ջանքեր կը տանինք տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ ապահովութիւն հաստատելու համար: Մենք կ՛ընդգծենք, որ տարանցիկ համագործակցութեան զարգացումը չի կրնար հիմք հանդիսանալ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն եւ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ու ազգային ինքնիշխանութեան խախտման համար», ըսաւ Քանանի:
Թուրքիոյ երթեւեկի հաղորդակցութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալողլու յայտարարած էր, որ Թուրքիա կ՛ակնկալէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի նախագիծը աւարտին հասցնել մինչեւ 2029: