Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեղական պատկերասփիւռի կայաններուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին դիտել տուաւ, որ եթէ «Զանգեզուրի միջանցքը» չբացուի, Ատրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանը որեւէ այլ կէտի մէջ պիտի չբանայ։
«Այդ պարագային, անոնք աւելի շատ վնաս կը ստանան, քան` օգուտ», պնդեց ան՝ նշելով, թէ ի՛նչ պայմաններ ունի Պաքու այդ ճամբուն համար: «Մարդիկ եւ բեռները Ատրպէյճանէն պէտք է հասնին առանց ստուգումներու», ըսաւ ալիեւ՝ աւելցնելով. «Եռակողմ յայտարարութեան ընդունումը այն տեսքով (որմով ստորագրուեցաւ), մեր մեծագոյն քաղաքական յաջողութիւնն էր»:
Ըստ անոր՝ եռակողմ յայտարարութեան Ատրպէյճանի համար «շահեկան պայմաններով ընդունման նպաստեց Շուշիի գրաւումը»:
«Եթէ Շուշին բռնագրաւումէն չազատագրուէր, մենք, անշուշտ, չէինք կրնար այդ պայմանները ներառել յայտարարութեան մէջ: Այսինքն` մեր յաղթանակը, այն, որ մենք ուժեղ էինք, կարելիութիւն ստեղծեցին, որ մենք ներառենք պայմաններ, որոնք չէին վերաբերեր (Ղարաբաղի) հարցին, մասնաւորաբար «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերող հարցեր», ըսաւ Ալիեւ:
Խօսելով Սեպտեմբեր 2023ի իրադարձութիւններուն մասին, որոնց պատճառով Արցախը հայաթափ եղաւ` ան ըսաւ, որ 20 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի մէջ նոր դարաշրջան մեկնարկեց: «Արդարութիւնը յաղթեց, մենք աւարտին հասցուցինք մեր ճշմարիտ գործը, ու մենք մեզի վերականգնեցինք արդարութիւնը», շեշտեց Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Դժբախտաբար, միջազգային հանրութեան հիմնական դերակատարները մեր այդ կարծիքը չկիսեցին: Հակառակը` մեզ կը փորձեն մեղադրել, կը փորձէին մեզի դէմ զանազան ճնշումներու գործիքակազմեր գործարկել»:
Միջազգային մակարդակի վրայ Պաքուի գործողութիւնները «դիւանագիտական պատերազմ» որակեց Ալիեւ:
Անդրադառնալով Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրին` Ալիեւ պնդեց, թէ ինք չ՛ընդունիր անոր միջազգային երաշխիքները ամրագրելու` հայկական կողմին պահանջը:
«Փաստաթուղթի մը ստորագրութեան համար անհրաժեշտ գլխաւոր պայմանները այժմ ստեղծուած են: Հայաստան կ՛ուզէ, որ այդ խաղաղութեան համաձայնագիրը երաշխիքներ ունենայ: Մենք կը կարծենք, թէ կարիքը չկայ անոր», դիտել տուաւ Ալիեւ՝ ընդգծելով, թէ այդ փաստաթուղթը պէտք է ստորագրեն երկու ինքնիշխան երկիրներու առաջնորդները:
«Մեզի երաշխաւորներ պէտք չեն: Եթէ անիկա երկկողմ ձեւաչափով ստորագրուի, կը ստորագրուի: Եթէ մէկը ուզէ օգնել, մենք դէմ չենք, բայց այդ օգնութիւնը պէտք չէ պարտադրուած ըլլայ», յայտնեց Ալիեւ։