Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Իրան միշտ աջակցած է Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան՝ շեշտելով, որ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան խախտման պատճառները անընդունելի են Թեհրանի համար:
«Ազատութիւն»ը հարցուց, թէ՝ նկատի ունենալով, որ ինք հաստատեց՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խախտման անընդունելի ըլլալը, արդեօք Իրան այս ուղղութեամբ որեւէ քայլի պիտի ձեռնարկէ՞. դեսպանը պատասխանեց. «Չի խախտիր»: