Ատրպէյճանական «Մինվալ»ը լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով այլ աղբիւրներու՝ կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ «մերժած են» Միացեալ Նահանգներու Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ Լուիս Պոնոն:
Ան վերջերս Երեւան այցելելէ եւ երկրի ղեկավարներուն հետ հանդիպում ունենալէն ետք Ատրպէյճան չմեկնեցաւ:
Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Պոնօ յաճախ կ՛այցելէ տարածաշրջանը՝ քննարկելու համար Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին, կայուն եւ արդար խաղաղութեան հասնելու ուղիները:
Ըստ «Մինվալ»ի՝ Պոնոյի Ատրպէյճան այցելութիւնը չէ կատարուած քանի մը պատճառներով. նախ՝ Պաքու չ՛ընդունիր տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու առաջադրած կարգաւորման մօտեցումները, երկրորդ՝ տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը միակողմանի եւ անհասկնալի է, եւ Պաքու ի՛նք հրաժարած է ընդունել՝ Պոնոն, եւ երրորդ՝ Ատրպէյճան Միացեալ Նահանգները վստահելի միջնորդ չի նկատեր: