Եւրոպական Միութիւնը Ատրպէյճանին յստակ ուղերձներ փոխանցեց:
Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին հարցումին իբրեւ պատասխան` այս մասին ըսաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բանբեր Փեթեր Սթանօ` անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Հայաստանի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններ եւ սպառնալիքներ պարունակող վերջին յայտարարութիւններուն:
«Մենք սերտ կապի մէջ ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ` առանց յոգնելու կրկնելով մեր աջակցութիւնը երկու երկիրներու ինքնիշխանութիւններուն, տարածքային ամբողջականութեան եւ հիմնահարցները բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծելու: Մեր հաղորդակցութեան ուղիները կը մնան բաց: Եւրոպական Միութիւնը կ՛օգտագործէ բոլոր կարելիութիւնները Ատրպէյճանին յստակ ուղերձներ հաղորդելու, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր յարաբերութիւններուն վրայ: Մենք հաստատուն կը մնանք այս դիրքորոշման մէջ: Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ, Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար կը շարունակեն իրենց ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն ու մնայուն խաղաղութեան հաստատման համար», ըսաւ Սթանօ: