Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձաւ 34 տարի առաջ այս օրերուն Պաքուի հայերուն դէմ կատարուած ջարդերուն՝ շեշտելով, որ ջարդերը դարձան Ատրպէյճանի խորհրդային հանրապետութենէն հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան եւ ցեղային զտումներու քաղաքականութեան գագաթնակէտը:
Ըստ «Արմէնփրես»ի՝ այս մասին նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը զետեղած է «Էքս»ի վրայ՝ յայտնելով, որ ջարդերուն պատճառով հարիւրաւոր մարդիկ սպաննուած են, անդամահատուած եւ անհետացած, եւ կէս միլիոն անձեր գաղթական դարձած են:
«Մենք յարգանքի տուրք ենք մատուցում անմեղ զոհերի յիշատակին եւ շեշտում ենք նման քաղաքականութեան կանխարգելման հրամայականը եւ բոլոր իրաւունքների հասցէագրման անհրաժեշտութիւնը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։