
Ֆրանսայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Լէյլա Ապտուլաեւա, արձագանգելով ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթին մէջ հրապարակուած «Պաքուի Կողմէ Ֆրանսան Վարկաբեկելու Նպատակով Լայնածաւալ Յարձակում» խորագիրով յօդուածին՝ «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Մեր տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը ապակայունացնելու փոխարէն աւելի լաւ է օգնել խաղաղութեան հաստատման: Դուք կը շարունակէք գործել այնպէս, կարծես թէ չէք գիտեր, որ Ղարաբաղը կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին մասը: Տարածաշրջանին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կարելի է արդար եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատել: Աշխարհը կարիք ունի ճշմարտութեան, ոչ թէ կեղծ պատմութիւններու»։
«Ֆիկարօ»ն մասնաւորաբար կը յայտնէ, որ կովկասեան երկիրը, մենատէր Իլիամ Ալիեւի գլխաւորութեամբ՝ կ՛աւելցնէ իր տեղեկատուական ձեռնավարութիւնները` վարկաբեկելու Փարիզի հեղինակութիւնը, զոր ան չի կրնար ընդունիլ հայերուն աջակցելուն պատճառաւ:
«Ֆիկարօ»ն կը շեշտէ, որ Պաքու վհուկներու որսորդութեան սկսած է Ֆրանսայի դէմ` յիշեցնելով Պաքուի դէմ լրտեսութեան կասկածով ֆրանսացի գործարարի մը՝ Մարթին Ռայեանի, բանտարկութիւնը: Ֆրանսա «կամայական» որակեց Ռայեանի բանտարկութիւնը, իսկ Պաքու իբրեւ պատասխան` Փարիզը մեղադրեց Ատրպէյճանի ներքին գործերուն խառնուելուն մէջ եւ կոչ ուղղեց՝ դադրեցնելու այդ քայլերը:
Փարիզի եւ Պաքուի միջեւ դիւանագիտական լարուածութիւնը սրեցաւ նախորդ ամիս, երբ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները երկրէն արտաքսեցին երկու ֆրանսացի դիւանագէտներ: Իբրեւ պատասխան` Ֆրանսա իր կարգին արտաքսեց Ատրպէյճանի դեսպանատան երկու աշխատակիցներ: