Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին եւ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական բաժինին՝ ռուսական կողմը ընդգծեց այս ուղղութեամբ եռակողմ աշխատանքի շուտափոյթ վերսկսման անհրաժեշտութիւնը` հիմնուելով Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ եղած շարք մը պայմանաւորուածութիւններու վրայ:
Ըստ նախարարութեան՝ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի դեսպանին խնդրանքով: Այլ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան։