Տաւոսի տնտեսական համաժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Հարաւային Կովկասի վերջին զարգացումներուն մասին զրուցեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտոլլահեանի հետ:
Մաքրոն եւ Խաչատուրեան քննարկեցին հարաւկովկասեան տարածաշրջանային իրավիճակը եւ վերջին զարգացումները:
Ապտոլլահեան Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Հայաստան կարեւոր եւ յատուկ տեղ կը գրաւէ Իրանի՝ դրացի երկիրներուն հետ ունեցած քաղաքականութեան մէջ:
Յիշատակելով երկու ժողովուրդներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւնները՝ ան հաստատեց, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները յառաջընթաց կ՛ապրին, եւ անոնց ամրապնդումը կ՛երաշխաւորէ երկու ժողովուրդներուն շահերը:

Ապտոլլաեիան վստահեցուց, որ Իրանի համար կարեւոր է Կովկասի տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան պահպանումը։ «Մենք միշտ կ՛աջակցինք Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն եւ կը կարծենք, թէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պէտք է հասնինք տարածաշրջանային լուծումներու միջոցով», ըսաւ ան՝ շեշտելով Կովկասի մէջ ընթացող զարգացումներուն մէջ հաղորդակցութեան պատմական ուղիներու պահպանման կարեւորութիւնը եւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու անթոյլատրելիութիւնը:
Խաչատուրեան, յայտնելով իր գոհունակութիւնը երկու երկիրներու բարեկամական եւ կառուցողական յարաբերութիւններուն նկատմամբ՝ լուսարձակի տակ առաւ երկու ժողովուրդներու պատմական կապերը եւ բարեկամական յարաբերութիւններու ու երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման մէջ անոնց ազդեցութիւնը եւ դրական դերը:
Ան կոչ ուղղեց առաւել եւս ամրապնդելու երկու երկիրներուն մասնաւոր հատուածներուն եւ ընկերութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը՝ կարեւոր նկատելով փոխադրութեան եւ տարանցման ոլորտին մէջ երկու երկիրներուն համագործակցութեան խորացումը:
Խաչատուրեան բարձր գնահատեց Իրանի աջակցութիւնը Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործընթացին: