Մելպուռնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքին, ռուսահայ Կարէն Խաչանով կրցաւ դուրս ձգել ամերիկացի Ալեքսանտր Քովասեւիչը 6-4, 6-3, 4-6, 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը կերտելով երկուքուկէս ժամ տեւած մրցումէ մը ետք:
Կանանց բաժանմունքին մէջ, ռուսահայ Էլինա Աւանէսեան 6-4, 6-4 արդիւնքով կրցաւ դուրս ձգել թիւ 8 դասուած Մարիա Սաքքարին` 1 ժամ 43 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք: