Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծի բռնկումին եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ պատերազմի մը շրջագիծի ընդարձակման մտահոգութիւններուն համեմատութիւնը հետզհետէ կը շեշտուի:
Այս շրջագիծին մէջ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ զգուշացուց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ընդարձակ պատերազմ մը սկսելէ` հաստատելով, որ անոր հետեւանքները կրնան աղէտալի ըլլալ:
«Ամէն գնով պէտք է խուսափիլ այդ հաւանականութենէն», ընդգծեց ան:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պէտք է պատրաստուին հիւսիսային Իսրայէլի մէջ կացութեան վատթարացումին, եւ աւելցուց, որ կրնան զինուորական լուծում մը պարտադրել` հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչները իրենց բնակարանները վերադարձնելու նպատակով:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեվի յայտնեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն հիւսիսային Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ընդարձակ պատերազմի մը սանձազերծման հաւանականութիւնը մեծ է:
Միւս կողմէ, Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հաստատեց, որ «Հըզպալլա»ն նախանձախնդիր է Լիբանանի շահերուն` աւելցնելով, որ պատերազմը դիւրին պիտի չըլլայ Իսրայէլի համար, որովհետեւ «հրթիռները անոր վրայ պիտի տեղան բոլոր կողմերէն»:
Մինչ այդ, հարաւային Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բախումները կը շարունակուին: