Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան 18 Յունուարին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին 17 Յունուարին ընդունած բանաձեւին համար՝ զայն որակելով «Հայաստանին եւ հայ ժողովրդին աջակցող կարեւոր յանձնառութիւն մը»:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը 336 թեր եւ մէկ դէմ ձայնով ընդունեց Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ պահանջող բանաձեւը, որուն միջոցաւ նաեւ պահանջեց Արցախի հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխիք:
Նիստէն ժամեր ետք, Պաքու բանաձեւին կոշտ կերպով հակադարձեց. Միլլի մեճլիսի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովը պատասխան յայտարարութեամբ մը Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ ուղղեց՝ անյապաղ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ֆրանսայի դէմ, սառեցնել ֆրանսացի պաշտօնեաներու գործունէութիւնը, դադրեցնել տնտեսական կապերը Փարիզի հետ՝ ֆրանսական բոլոր ընկերութիւնները դուրս բերելով Ատրպէյճանէն: «Հակաատրպէյճանական» նկատելով Փարիզի քաղաքականութիւնը՝ Պաքու յայտարարեց, թէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները պատմութեան մէջ ամէնէն ցած մակարդակին վրայ են, «ըստ էութեան, կրնան կասեցուած նկատուիլ»: