
Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը յայտարարութեան մը միջոցաւ ողջունեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտին կողմէ 17 Յունուարին գրեթէ միաձայնութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան աջակցող, Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ եւ հայ բնակչութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձի իրաւունքի երաշխիքներ պահանջող բանաձեւին որդեգրումը:
«Ստեղծուած իրավիճակին մէջ չափազանց կարեւոր է Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինի բարձր պալատին կողմէ այնպիսի քաղաքական դիրքորոշում մը, որ կ՛ենթադրէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման աջակցութիւն, Արցախի մէջ ատրպէյճանական վերջին յարձակումի դատապարտում, հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխաւորման անհրաժեշտութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու բռնագրաւման դադրեցում, Հայաստանի կողմէ իր ապահովութեան, որոնց կարգին՝ ռազմական ճանապարհով, պաշտպանելու կարողութիւններու զարգացում, Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատութիւն, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն: Կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրարկման պահանջը:
Ընդունուած բանաձեւը համահեղինակած են ֆրանսական Ծերակոյտի քաղաքական բոլոր խմբակցութիւններու ղեկավարները, ինչ որ հայութեան հանդէպ ֆրանսական ներքաղաքական համախոհութեան կարեւոր ցուցիչ է: Այս բանաձեւին ընդունումը մաս կը կազմէ վերջին շրջանին Եւրոպայի եւ յատկապէս Ֆրանսայի մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան ծաւալուն նախաձեռնութիւններուն, որոնց կարեւոր մէկ մասը ներկայիս յառաջ կը մղուի «Եւրոպացիները՝ յանուն Արցախի» հարթակին միջոցով, որուն կազմակերպութեամբ 27-28 Յունուարին, Եւրոպայի 15 երկիրներու առաւել քան 55 քաղաքներու մէջ նախատեսուած են զանազան միջոցառումներ: Ֆրանսայի մէջ ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան 13 քաղաքներու մէջ:
Յոյս ունինք, որ ֆրանսական օրէնսդիրին կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը բոլորովին ուղենշային պիտի ըլլայ Ֆրանսայի գործադիր իշխանութեան համար եւ պիտի վերածուի ամբողջական պետական քաղաքականութեան», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: