Ակնարկելով անցնող շաբաթավերջին Իրաքի, Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ թիրախներ հարուածելու՝ ամերիկեան քայլին՝ Սպիտակ տան ազգային ապահովութեան խորհրդատու Ճէյք Սալըվըն յայտարարեց. «Այն, ինչը տեղի ունեցաւ, սկիզբն էր եւ ոչ թէ աւարտը: Պիտի ըլլան յաւելեալ քայլեր, որոնցմէ մէկ քանին՝ տեսանելի, եւ թերեւս մէկ քանին՝ անտեսանելի։ Այդ քայլերը իբրեւ պատերազմական բաց արշաւ չեմ որակեր»:
Իր կարգին խորհուրդի բանբեր Ճան Քըրպի յայտնեց, որ 7 տարբեր դիրքերու մէջ (3ը Իրաքի մէջ եւ 4ըՍուրիոյ մէջ) 85 թիրախներու դէմ գործողութեան մասնակցող ամերիկեան ռմբաձիգները շուրջ կէս ժամուան մէջ աառաւել քան 125 հրթիռներ արձակեցին եւ հեռացան: «Չենք ուզեր շրջանին մէջ ամերիկեան դիրքերու կամ ամերիկացի զինուորներու վրայ այլ յարձակում մը տեսնել», ընդգծեց ան
աւելցնելով, որ այս «վրէժխնդրական» հարուածներուն եւ Յորդանանի մէջ ամերիկեան ռազմակայանին վրայ յարձակումին պատճառով մահացած ամերիկացի 3 զինուորներու դիակներու Միացեալ Նահանգներ վերադարձի արարողութեան միջեւ կապ չկայ:
Ան նաեւ յայտնեց, որ ամերիկեան ռազմակայանին վրայ կատարուած յարձակումէն ետք Իրանի հետ որեւէ հաղորդակցութիւն տեղի չէ ունեցած: «Իրանի հետ պատերազմի չենք ձգտիր», յայտարարեց Քըրպի:
«Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ թիրախ դարձած կառոյցները Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին եւ անոր հետեւորդ խմբաւորումներուն կողմէ կ՛օգտագործուին մեր ուժերուն վրայ յարձակումներ գործելու համար: Այսօր սկսած մեր հակադարձութիւնը պիտի շարունակուի ժամկէտներու ընթացքին եւ վայրերու մէջ, զորս մենք կ՛ընտրենք», ամերիկեան յարձակումներու շղթայազերծումէն ետք յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն:
Իրաքի կառավարութեան բանբեր Պասեմ Աուատի հերքեց Քըրպիի` իրաքեան կառավարութիւնը նախօրօք տեղեակ պահած ըլլալու յայտարարութիւնը, գործողութիւնը որակելով «Իրաքի գերիշխանութեան դէմ նոր յարձակում»: Ան նշեց, որ յարձակումին պատճառով արձանագրուած են 16 զոհեր, ներառեալ քաղաքայիններ:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ ամերիկեան յարձակումին պատճառով շարք մը քաղաքայիններ եւ զինուորներ սպաննուած են:
«Այսօր արշալոյսին տեղի ունեցած ամերիկեան յարձակումը որեւէ արդարացում չունի», նշեց նախարարութիւնը` շեշտելով. «Ամերիկեան ուժերուն կողմէ սուրիական հողերու մէկ մասին բռնագրաւումը չի կրնար շարունակուիլ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Սուրիոյ ու Իրաքի վրայ կատարուած ամերիկեան յարձակումները եւ զանոնք նկատեց միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում մը:
Ամերիկեան բանակը նաեւ նոր հարուած մը հասցուց Եմէնի տարածքին` թիրախ դարձնելով հուսիներու «Անսարուլլա» շարժումին պատկանող հականաւային հեռահաս հրթիռներ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց «Եմէնի քաղաքներուն վրայ ամերիկեան եւ բրիտանական յարձակումները»` նշելով, որ անոնք կ՛ոտնահարեն Եմէնի գերիշխանութիւնը: