«Ազատութիւն» կայանը կը տեղեկացնէ, թէ Ատրպէյճանի յատուկ նշանակութեան ուժերու ստորաբաժանումները մարտավարական ռազմափորձեր կատարեցին՝ «Մարտական գործողութիւններու իրականացում խիստ ցուրտ պայմաններու մէջ» նշանախօսքով։
Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ ռազմափորձերուն ընթացքին յատուկ ջոկատայինները յստակացուցին իրենց վստահուած տեղամասի յատակագիծը եւ մարտավարական վերաբաշխումներ կատարեցին լեռնային բարձր գօտիին մէջ՝ սաստիկ ցուրտ պայմաններու մէջ։
«Կատարուած պայմանական թշնամիին պաշտպանութիւնը ճեղքելու, կարեւոր կէտերը գրաւելու, բժշկական նախնական առաջին օգնութիւն ցուցաբերելու եւ վիրաւորները մարտի դաշտէն հեռացնելու առաջադրանքները», կ՛ըսուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։