Ատրպէյճանի մէջ, 7 Փետրուարին նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն երեք օր առաջ, երկրի իշխանութիւնները արգիլեցին Զուիցերիոյ խորհրդարանի անդամ, ԵԱՀԿի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ Մարդու իրաւունքներու գրասենեակի կարճաժամկէտ դիտորդ Նիք Կուկերի՝ Ատրպէյճքն մուտքը։
«Ազատութիւն»ը կը փոխանցէ, որ այս մասին հաղորդեց ատրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը։
Ըստ լրատուամիջոցին՝ 4 Փետրուարին, ատրպէյճանի սահմանապահները Պաքուի օդակայանին մէջ գրաւեցին Կուկերի անցագիրը եւ երեք ժամ ետք Պոլսոյ թռիչքով զայն արտաքսեցին երկրէն։
Ան Պաքու հասած էր ԵԱՀԿի դիտորդներու կազմին հետ` նախապէս ունենալով համապատասխան հաւատարմագիր մը եւ թոյլտուութիւն մը:
Ցարդ ո՛չ ԵԱՀԿը ոչ ալ Պաքու այս մասին պաշտօնական յայտարարութիւն մը կամ մեկնաբանութիւն մը կատարած են։
«Ըստ կարգ մը ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու պնդումին՝ Կուկեր նախապէս քննադատած է Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումը», կը հաղորդէ «Թուրան»ը։