Ամիսներ շարունակ հաւատարիմ մնալով 3 Փետրուար 1998ին իր հրաժարականին յաջորդած քար լռութեան, որով եւ անպատասխան կը թողուր Հայոց Համազգային Շարժումի (ՀՀՇ) իր մօտիկ գործակիցներուն թախանձանքներն ու հրապարակային հրաւէրները՝ մասնակցելու 2008ի նախագահական ընտրութիւններուն ընդհուպ մինչեւ վերածուելու ընդդիմութեան միակ թեկնածուին, նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ընտրեց Սեպտեմբեր 21ը, Հայաստանի անկախացման 16րդ տարեդարձին օրը, քաղաքական բեմ իր վերադարձի ազդանշանը տալու համար։ Տակաւին յստակ չէ, եթէ ազատ ու անկախ Հայաստանի առաջին նախագահը լուռ ինչ-որ համաձայնութիւն խզեց իր այս քայլով, որ, ամէն պարագայի, ռազմաքաղաքականօրէն ճիշդ հաշուարկուած կը թուի ըլլալ. գիտակից, որ նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին որեւէ սխալ քայլ կրնայ անմիջական ուշադրութեան արժանանալ միջազգային դէտերու կողմէ, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները իրենց ձեռքերը կապուած կը զգան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վրայ ճնշում բանեցնելու, առաւելի՝ զայն հալածելու իմաստով, եթէ, անշուշտ, Փետրուար 3, 1998ի յաջորդող քանի մը շաբաթներուն իրողականօրէն հաստատուեցաւ լռելեայն համաձայնութիւն մը, որուն հետեւումով Հայաստանի առաջին նախագահը հեռու կը մնար քաղաքական ասպարէզէ ի դիմաց իրեն հանդէպ դատական հարց յարուցելէ զերծ մնալու իշխանութեան հասած հատուածի յանձնառութեան։ Աւելի՛ն, Լեւոն Տէր Պետրոսեան, ըստ երեւոյթին, որոշած է պահել սպասողական վիճակի յատուկ լարուածութիւն, տրուած ըլլալով որ մինչ այս տողերուն գրառումը դեռեւս չկար որեւէ հաստատում կամ ժխտում՝ իր թեկնածութեան մասին։
Անմիջական գնահատանք մը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քաղաքական ասպարէզ այս տրամաթիկական վերադարձին կրնայ մեզ առաջնորդել այն եզրակացութեան, որ նախկին նախագահը դեռեւս ընտրազանգուածին բազկերակն է որ կը շօշափէ՝ իր թեկնածութեան մասին որոշում մը կայացնելէ առաջ։ Արդար է, բնականաբար, Հայաստանի քաղաքացի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կարողական փափաքը՝ վերադառնալու Բաղրամեան պողոտայի վրայ գտնուող նախագահական նստավայր։ Աւելի՛ն, եթէ նկատի ունենանք, որ հասարակական թէ քաղաքական շրջանակներու հետ իր շփումներու ծիրին մէջ ան չվարանեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավարութեան հետ հանդիպման փափաք յայտնել եւ անոր ընդառաջում ստանալէ յետոյ, իր նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանդր Արզումանեանի հետ այցելել կուսակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ Բիւրոյի եւ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ, կրնանք մինչեւ իսկ եզրակացնել, թէ Հայաստանի մէջ ներքաղաքական պայքարն ու ընտրական մրցակցութիւնը քաղաքակիրթ մակարդակ արդէն թեւակոխած են՝ ի հրճուանք բովանդակ ազգին։
Լեւոն Տէր Պետրոսեան գիտէ, որ ընդդիմութիւնը միակ թեկնածու ներկայացնելու ատակ չէ, քանզի այդ պաշտօնին հասնելու ամպիցիաները շատ են։ Գիտէ նաեւ, որ Դաշնակցութեան համար հարց չկայ սեփական թեկնածուով ընտրութիւններուն ներկայանալու որոշումէն ետդարձ կատարելու։ Հետեւաբար, իր սեփական թեկնածութիւնը, բնականաբար, պիտի յանգի քաղաքական-ընտրական դաշտի յաւելեալ բեկորման, որուն արդիւնքով ալ շատ հաւանաբար հանրապետականներու թեկնածուին՝ ներկայիս վարչապետ Սերժ Սարգսեանի ընտրական յաջողութեան կարելիութիւնը կրնայ բարձրանալ։ Քաղաքական ասպարէզ վերդառնալու իր այս քայլը, ուրեմն, կրնայ հեռու ըլլալ ընտրական հաշիւներէ եւ նպատակ հետապնդել ՀՀՇի վերաշխուժացումը որպէս ուրոյն քաղաքական ուժ։ Այդ կը յուշէ ի մասնաւորի իր ելոյթը ՀՀՇի կազմակերպած ընդունելութեան «Մարիոթ» պանդոկին մէջ՝ ճիշդ այն պահուն, երբ նախագահ Քոչարեան անկախութեան 16րդ տարեդարձին առիթով իր խօսքը կ՚ուղղէր։ Արդարեւ, Տէր Պետրոսեանի ելոյթին առաջին բաժնին մէջ զգալի է ի մասնաւորի անկախացման հոլովոյթին մէջ իր ղեկավար դերակատարութեան շեշտաւորումը որպէս մնայուն անհատական հետք պատմութեան մէջ։ Միաժամանակ, ինչպէս ծանօթ է, Լեւոն Տէր Պետրոսեան խիստ քննադատեց ներկայ իշխանութիւններուն որոնց չվարանեցաւ անուանել «վերից վար կոռումպացուած, յանցագործ մի վարչակազմ, որի յարաբերութիւնները կագաւորուում են ոչ թէ օրէնքներով, ժողովրդի կամքով, քաղաքական երկխօսութեամբ, այլ գողական աշխարհի կարգուկանոնով»։
Իսկական ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ իշխանութիւններու երեսին նետուած այս մարտահրաւէրը՝ տակաւին յստակ չէ։ Ոչ ալ առանձնապէս հետաքրքրական է վերլուծել իշխանութիւններու հասցէին եղած մեղադրանքներու իրաւացիութիւնը, քանզի այդ մտամարզանքին այլեւս անխուսափելիրօէն պիտի լծուին ընտրապայքարի մտած քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերը։ Սակայն նախկին նախագահի ելոյթին մէջ առանձին հնչեղութիւն ստացաւ ներկայ իշխանութիւններու մասին իր բանաձեւումը, որուն համաձայն այս վերջինները կը կազմեն «լիովին մաֆիոզ, մինչեւ վերջին երանգը ստրուկտուրիզացուած մի ռեժիմ, որը մեզ այսօր գլորել է երրորդ աշխարհի այսպիսի ռեժիմների շարքը, եւ այս իշխանութեան գոյատեւումը ոչինչ չի խոստանում, որ մենք կարող է երբեւէ դուրս գանք այս վիճակից»: Աւելի անդին ան անգամ մը եւս շեշտեց՝ «Հայաստանը վերածւում է երրորդ աշխարհի մի երկրի, որի միակ կապիտալը լինելու է աշխատանքի արտահանումը»։ «Երրորդ աշխարհ»ի նկատմամբ եղած այս արհամարհական կեցուածքն է, որ արժէ պահ մը լուսարձակի տակ առնել եւ խորհրդածութեան արժանացնել։ Ոչ թէ որովհետեւ յղացքին նման արհամարհական հնչեղութիւնը ընտրապայքարի ընթացքին ինքնին յատուկ նշանակութիւն ունենայ։ Սակայն կարեւոր է բացայայտել անոր նման գործածութեան շարժառիթ հանդիսացող թէկուզ եւ ոչ-գիտակից քաղաքական մշակոյթը, կամ կուլտուրան գործածելու համար այս գաղափարին հայրենի քաղաքական-հասարակական համաթեքսթին մէջ աւելի հեշտօրէն ընկալելի գործածական բառ մը։ Նման քաղաքական մշակոյթի առկայութեան գիտակցութիւնը իր կարգին պէտք է յանգի գաղափարախօսական արժէկարգերու բիւրեղացման, ինչ որ կրնայ միայն առողջ ըլլալ Հայաստանի ժողովրդավարութեան համար։
«Երրորդ աշխարհ»ի մասին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի այս ակնարկը արհամարհական այս յատուկ հնչեղութեամբ կրնար եւ աննկատ անցնիլ, եւ, փաստօրէն, այդպէս ալ եղաւ։ Այսինքն՝ իշխանութիւններն ու Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քննադատները շատ հաւանաբար աւելի ընդվզեցան «երրորդ աշխարհ»ի յղացքի գործածութեան ենթադրած ժխտական իմաստէն, քան հարցականի տակ դրին անոր գործածութիւնն իսկ։ Ինչ որ, իր կարգին, կը յուշէ «երրորդ աշխարհ»ի նկատմամբ եղած համատարած ժխտական վերաբերմունք մը հայրենի քաղաքական մշակոյթին մէջ։ Անմիջապէս ըսենք, որ հարցը չի վերաբերիր Հայաստանի ընկերատնտեսական իրականութեան մէջ «երրորդ աշխարհեան» իրականութիւն մը ժխտելուն։ Այդ իմաստով, Լեւոն Տէր Պետրոսեան առարկայականօրէն ճիշդ է. տասը տոկոսէն աւելի Հայաստանի տնտեսական աճին զուգահեռ առկայ է հասարակական սուր բեւեռացումը, հարստութեան խիստ անարդար բաժանումը եւ ընկերային արդարութեան պարզ եւ մեկին չգոյութիւնը։ Եւ որքան ալ որ իշխանութիւնները յայտարարեն տնտեսական զարգացման այս բնորդին «սոցիալական ուղղուածութիւն» տալու մասին, տեղի ունեցած գրեթէ բոլոր նախաձեռնութիւնները կամ միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւններու հրամցուցած ծրագիրներ են, կամ ընտրական հաշիւներով եղած բարեգործութիւն, կամ ալ երկրի հարստութեան տէր դասակարգի յատուկ մեծն աղայական «մարդասիրութիւն» եւ ոչ թէ արմատական բարեկարգումներ։
Բայց Լեւոն Տէր Պետրոսեան հեռու է սոցիալական արդարութեան այս զգայնութենէն, կամ յանձնառութենէն։ Ընդհակառակը, իր ելոյթին մէջ հպարտօրէն նշեց «կենտրոնացած պլանային տնտեսութիւնից անցում դէպի ազատ շուկայական տնտեսութիւն», եւ շատ հաւանաբար իր քննադատութիւնը Հայաստանի «երրորդ աշխարհայնացման» առնչակից էր աւելի շուտ ազատ շուկայական խաղի օրէնքները աւելի «ճիշդ» կիրարկելու նախանձախնդրութեան եւ ոչ թէ անոնց քննադատութեան։ Եւ ահաւասիկ հոս է, որ ե՛ւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, ե՛ւ ներկայ իշխանութիւնները չեն ուզեր հասկնալ, որ այն ձեւով, որ առաջին հերթին տեղի ունեցաւ տնտեսական համակարգի անցումը եւ ապա նոյն այդ անցումին ստեղծած իրավիճակը կայացաւ այլ արդիւնքի, կարելի չէր հասնիլ։ Այլ խօսքով՝ տնտեսական աճի ու ընկերային բեւեռացման այս իրավիճակը կը բացատրուի շատ աւելի դէպի ազատ շուկայ յարաբերութիւններ անցումի կառուցային պայմաններով, աւելի քան իշխանութեան վրայ գտնուողներու ղեկավարման յատկութիւններով։ Ընդհակառակը, քաղաքական ղեկավարման յատկութիւններու իմաստով պէտք է բարձր գնահատել Ռոպերթ Քոչարեանի կարողութիւնը՝ դիմագրաւելու եւ գերազանցելու 1999ի Հոկտեմբերեան սպանութեան յաջորդած քաղաքական սուր տագնապը այնպէս, ինչպէս կարելի չէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին զլանալ բարոյական բարձրութեան այն փաստը, որ տուաւ իր հրաժարականի ներկայացումով, երբ անդրադարձաւ, որ այլեւս անկարելի պիտի ըլլար իշխանութեան գլուխ մնալ։
Հարցը, ուրեմն, տնտեսական, աւելի ճիշդ՝ ազատ շուկայական, համակարգին կը վերաբերի, եւ «երրորդ աշխարհեան» ակնարկութիւնը կ՚ենթադրէ աշխարհահայեացք մը ընդ որում «երրորդ աշխարհ»ի երկիրները անկարող են հասկնալ եւ կիրարկել զարգացած երկիրներու, իմա՝ «առաջին աշխարհ», ազատական ժողովրդավարութեան եւ ազատ շուկայական տնտեսական համակարգի բնորդը։ Նման մօտեցում, անկախ իր էապէս ամբոխավարական բնոյթէն, կը բացայայտէ աշարհահայեացքի միամիտ պարզացում մը, յատուկ՝ Պաղ պատերազմի ժամանակներուն։ Ի դէպ, եթէ այսօր յստակ է թէ ո՛ւր է «առաջին աշխարհը», դժուար թէ «երկրորդ աշխարհ»ի աշխարհագրական դիրքը կարելի ըլլայ ճշդորոշել, որով եւ կը դժուարանայ «երրորդ աշխարհը» գտնելը: Քիչ մը աւելի պայծառատեսութիւն այսօրուան աշխարհի իրականութեան եւ անկարելի չէ անդրադառնալ, որ այնպէս, ինչպէս «առաջին աշխարհ»ի իրականութիւնը, կամ պատրանքը, կարելի է հանդիպիլ Երեւանի կեդրոնամասին մէջ, այնպէս ալ Լոս Անճելըս, Նիւ Եորք, Փարիզ թէ Լոնտոն ունին իրենց յատուկ «երրորդ աշխարհեան» իրականութիւնները։ Ա՛յս է այսօրուան կլոպալ աշխարհի իրականութիւնը, որուն մէջ կը տեղադրուի ընկերային արդար կարգերու պայքարը։ Այս վերջինը շատ հեռու է ազատ շուկայ/պլանային տնտեսութիւն պարզունակ հակադրութենէն, չի կրնար անտեսել ո՛չ համայնավարութեան ձախողած փորձը արդար համակարգի ստեղծման եւ, հետեւաբար, սեփականատիրութեան եւ ազատ շուկայի անհրաժեշութիւնը հարստութեան ստեղծման համար, ո՛չ ալ կուրանալ այնքան, որ հաւատայ, թէ ազատ շուկան է միակ իրաւարարը ե՛ւ հարստութեան ստեղծման, ե՛ւ անոր արդար վերաբաշխումին։
Այս իմաստով է, ահաւասիկ, որ թերեւս թելադրելի ըլլայ նուազ արհամարհական հնչեղութիւն «երրորդ աշխարհ»ի նկատմամբ։ Ոչ թէ որովհետեւ ինքնին այնքան կարեւոր ըլլայ Հայաստանի պիտակաւորումը զարգացման այս անհիմ արժէքակարգին համաձայն, այլ որովհետեւ այսպէս կոչուած «երրորդ աշխարհ»ի երկիրներէն Հայաստան թերեւս շատ բան ունենայ սորվելիք։ Ի դէպ, երբ «երրորդ աշխարհ» կ՚ըսենք, կը հասկնանք Հնդկաստան, Պրազիլ, Չինաստան: Խորհրդային բոլոր հանրապետութիւններուն նման Հայաստան դուրս եկաւ համայնավար վարչակարգի կաշկանդումներէն եւ կուրօրէն հաւատաց, թէ փրկութիւնը ազատ շուկան է միայն։ Թէ այդ օրերուն այլընտրանք կար կամ չկար՝ առանձին բանավէճի նիւթ է։ Բայց յստակ է, որ ազատ շուկայի համաշխարհայնացման խոստումները չիրականացան, առնուազն՝ ստեղծուած հարստութենէն բոլորին բաժին հանելու իմաստով։ Քսանմէկերորդ դարու սկզբնաւորութեան արդէն ի գործ կը դրուին տնտեսական զարգացման եւ ընկերային արդարութեան նոր բնորդներ, որոնցմէ Հայաստան թերեւս սորվելիք շատ բան ունի։ Բայց այդ մէկը կրնան ընել քաղաքական այն ուժերը, որոնք գաղափարախօսական թէ կուլտուրական նախապաշարում չունին երրորդ աշխարհին նկատմամբ, որովհետեւ այդ բնորդները կը բանաձեւուին եւ յաջող կերպով գործադրութեան կը դրուին այսպէս կոչուած «երրորդ աշխարհեան» երկիրներու մէջ։ Կրնան ընել այն ուժերը, որոնք իրենց քաղաքական ուղիին վրայ հաւատացած են ժողովուրդներու արդար պայքարին եւ համագործակցութեան, ընդդէմ շահագործումին ու տիրապետութեան։