
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Երեւանի երթուղային հանրակառքերու ուղեվարձերը բարձրացնելու նախագիծը, որ ներկայացուեցաւ քաղաքապետութեան կողմէ, մեծ դժգոհութիւն սկսած է յառաջացնել քաղաքացիներուն մօտ։ Աւելի քան ամիս մը առաջ, ինքնաշարժներու կայանման (parking) վարձքերուն բարձրացումը տակաւին «չմարսած», թէ՛ երեւանցիք եւ թէ տարբեր շրջաններէ Երեւան եկող Հայաստանի քաղաքացիները կը զգան, թէ քաղաքապետութիւնը հարկերու տակ սկսած է զիրենք ճնշել։
Ի՞նչ կ՛առաջարկէ Երեւանի քաղաքապետութիւնը մայրաքաղաքի հանրակառքերու ուղեվարձերու նոր սակացոյցով։
Քաղաքապետութիւնը տոմսերու վճարման նոր համակարգ մը պիտի սկսի իրագործել Սեպտեմբեր ամսուընէ սկսեալ։ Ցարդ, Երեւանի հանրակառքերու ուղեվարձը 100 դրամ է։ Նոր համակարգով, սակացոյց պիտի ըլլայ հետեւեալ կերպով։ Մէկ ամսուան տոմսին գինը 11,000 դրամ է, որմէ կարելի է օգտուիլ 60 անգամ։ Այսինքն՝ ըստ փոխքաղաքապետին, իւրաքանչիւր նստելավարձը կը դառնայ 183 դրամ կամ 80 առ հարիւր աւելի սուղ։ 90 օրուան տոմսին գինը 25,000 դրամ է՝ նախատեսուած է 180 անգամ երթուղայինէն օգտուելու համար։ Այսինքն իւրաքանչիւր նստելավարձը՝ 139 դրամ, կամ 39 առ հարիւր աւելի սուղ։ Իսկ մէկ տարուան տոմսը կ՛արժէ 110,000 (հարիւր տասը հազար) դրամ, որմէ կարելի է օգտուիլ 1000 անգամ։ Այս պարագային, իւրաքանչիւր փոխադրութեան արժէքը 110 դրամ կը դառնայ, այսինքն տասը առ հարիւր աւելի սուղ։ Գործածութեան մէջ պիտի դրուի նաեւ օրական տոմսեր, որով նստելավարձը կը դառնայ շուրջ 250 դրամ, այսինքն 150 առ հարիւր աւելի։
Երեւանի փոխքաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան այս թանկացումները բացատրեց երթուղային հանրակառքերու որակի եւ փոխադրութեան համակարգի բարելաւման հիմնաւորումով։
Բայց, տան հաշիւը շուկայի հաշիւին չի բռներ կ՛ըսէ ժողովրդային խօսքը։ Նշեալ նախագիծը, որ պիտի քննարկուի, այնպէս չէ, ինչպէս կը փորձէ պարզաբանել քաղաքապետութիւնը։ Եթէ պետական պաշտօնեան, կամ բանուորը, որոնք ամիսը կ՛աշխատին 22 օր եւ երթուղայինէն կ՛օգտուին միմիայն գործի երթալ գալու համար, անոնք պիտի վճարեն 11,000 դրամ, 44 նստելավարձի համար՝ այսինքն իւրաքանչիւր նստելավարձի գինը կը դառնայ 250 դրամ։ Նոյն տրամաբանութեամբ, տարեկան տոմս առնելու պարագային, պաշտօնեան կամ բանուորը զայն պիտի օգտագործէ լաւագոյն պարագային 500 անգամ։ Այս պարագային իւրաքանչիւր նստելավարձը կը դառնայ 220 դրամ, այսինքն ներկայ սակէն 120 առ հարիւր աւելի։
Եթէ պահ մը համեմատենք այս սակերը նախկին խորհրդային այլ հանրապետութիւններու մայրաքաղաքներու մէջ գործող տոմսային համակարգերու սակագիներուն հետ, ապա պիտի նկատենք, որ Երեւանը պիտի դառնայ ամէնէն սուղ երթուղային ունեցող մայրաքաղաքը, որովհետեւ, անկախ տարբեր մայրաքաղաքներու տատանուող սակերէն, բոլորն ալ քաղաքացիին կը տրամադրեն երթուղայիններէն անսահմանափակ կերպով օգտուելու կարելիութիւն։ Պատկերացում ունենալու համար՝ Քիշնիեւի մէջ մէկ ամսուան տոմսը կ՛արժէ 5300 դրամ եւ անսահմանափակ ուղեւորութիւն, իսկ ամէնէն սուղը Թալինի եւ Ռիկայի գիներն են՝ 13,000 դրամ, բայց՝ անսահմանափակ։ Մէկ տարուան տոմսերու ամէնէն աժան ծառայութիւնը Թիֆլիսինն է՝ 38,000 դրամով եւ անսահմանափակ, իսկ ամէնէն սուղը՝ Վիլնիւսինը՝ 134,800 դրամ, դարձեալ անսահմանափակ։ Երեւանի փոխադրութեան այս սակագինը աւելի սուղ է նոյնիսկ եւրոպական կարգ մը երկիրներէն։ Օրինակ Փրակայի մէջ տարեկան տոմսը կ՛արժէ 64,000 դրամ եւ անսահմանափակ է։
Փոխքաղաքապետին տուած բացատրութիւնը, ինչ կը վերաբերի որակի բարելաւման, այդքան ալ իրականութեան չի համապատասխաներ։ Հանրակառքերը նոյնքան գերխճողուած են, այնքան, որ երբեմն ոչ թէ նստելու այլ ոտքի կանգնելու տեղ գտնելը անհնար է։ Անոնք անկանոն կ՛երթեւեկեն։ Անոնք յստակ ժամանակացոյցով չեն աշխատիր եւ քաղաքացին երբեմն մինչեւ 45 վայրկեան ստիպուած կ՛ըլլայ սպասելու։ Իսկ վերը նշուած կարգ մը մայրաքաղաքներուն մէջ, երթուղայինները կը գործեն 24 ժամուան դրութեամբ, մինչդեռ Երեւանի մէջ գիշերը ժամը 10-11էն ետք անոնք կանգ կ՛առնեն։
2013ին եւս Երեւանի քաղաքապետարանը որոշեց ուղեվարձը 100 փոխարէն դարձնել 150ի։ Այդ նախագիծը պատճառ դարձաւ բողոքի ալիքներու, որուն լոյսին տակ քաղաքապետարանը հրաժարեցաւ այդ քայլէն։
Այս նախագիծը եւս կրնայ նման պոռթկումի տանիլ մայրաքաղաքի բնակիչները։ Արդէն որոշ ընդդիմադիրներ բացայայտ կերպով ազդարարեցին, թէ փողոց պիտի իջնեն այս թանկացումին դէմ։
Դժբախտաբար, Երեւանի քաղաքապետութիւնը սկսած է մայրաքաղաքը դիտել իբրեւ մեծ գործարան մը, ուրկէ կարելի է դրամ շահիլ։ Այս նորհարուստ իշխանաւորները կը մոռնան, որ ժողովուրդին մօտ իրենց վարկանիշը այն չէ, ինչ որ էր հինգ տարի առաջ եւ նմանօրինակ շահագործումներով աւելի պիտի վնասեն իրենց վարկանիշին։ Մանաւանդ արդէն իսկ սկսած է խօսուիլ փտածութեան երեւոյթներու մասին, որոնց դէմ պայքարի նշանախօսքով ճամբայ ելան այսօրուան իշխանաւորները։
Քաղաքացին դրամ հայթայթող միջոց տեսնելու անոնց մօտեցումը ոչ մէկ արդարացում ունի։ «Հայաստան սոցիալական պետութիւն է», կ՛ըսէ մեր երկիրի սահմանադրութիւնը։ Այս դրոյթին ոգին գերիշխող պէտք է դառնայ ոչ միայն երկիրի կառավարութեան, այլեւ մայրաքաղաքի եւ առհասարակ բոլոր իշխանութիւններուն աշխատանքային ծրագիրներուն։