Ճառերու մէջ լաւ կը հնչէ խօսիլ «երեքհազարամեակի սեմին» տարազը կրկնելով, նուազ հռետորական՝ յիշեցնելով նոր սկսած ԻԱ. դարը: Բայց այս հաստատումը կը վերաբերի սոսկ մոլորակի թաւալման կամ ժամացուցային ժամանակին: Ի՛նչ ալ ըլլան մեր համոզումները, ֆրանսացի ըլլանք թէ հնդիկ, չինացի կամ ամերիկացի, մեր համեստ մակարդակին՝ հայ, քիչ մը աւելի համեստ՝ համայնքի կամ գաղութի անդամ, պահ մը կանգ պէտք է առնել եւ դիտել ու դատել մեր շուրջը, այդ շուրջը ըլլայ մօտ թէ հեռու, քանի որ հեռու ըսելը՝ չունի անցեալի նշանակութիւնը: Դրկից ենք իրարու:
Հռոմի, քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան տիեզերականութեան երազանքը հանգրուաններ էին, անոնց յաջորդեցին Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան ազգային ինքնութիւններու շեշտման եւ համայնավարական նոր ձեւի տիեզերականութիւնները, միշտ արիւնահեղ գալարումներու մէջ: Իւրաքանչիւրը հաւատաց, որ ինք կը փակէր պատմութեան օղակը: Ինչ որ ժխտուեցաւ: Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, թէ այդ ճիշդ չէր: Պերլինի պատի քանդումէն եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք դասական Պաղ պատերազմը վերջ գտաւ, բայց սկսած է նոր տիեզերականութիւնը, որ կը բռնուի մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան, ազատութիւններու, մարդոց եւ արտադրութիւններու ազատ շրջագայութեան, ինչպէս նաեւ անշրջանցելի տնտեսութեան համատեղ գործօն ազդակներու ցանցին մէջ: Բայց կը տեւեն դեռ նախկին հաւատքները, համոզումները: Այսինքն կ՚ապրինք փոխանցման ժամանակաշրջան մը: Մարդկային նոր ընկերութիւն մը կը խմորուի, որուն սառցալերան երեւցող մասը համաշխարհայնացումն է:
Կարգ մը իրապէս յառաջադէմ մտաւորականներ քանիցս գրեցին եւ խօսեցան «գաղափարաբանութիւններու վախճան»ի մասին (La fin des ideologies): Շատ արագ հոլովոյթներու մրրիկին մէջ հարկ է կանգ առնել պահ մը, գերմարդկային ճիգով, դիտել եւ դատել տեղի ունեցող արմատական փոփոխութիւնները՝ գիտական, արհեստագիտական, տնտեսութեան, վարչակարգերու:
Աշխարհի մէկ վեցերորդ բնակչութեամբ համայնավար երկիրը՝ Չինաստան, առանց հակասութիւն տեսնելու իր ընթացքին մէջ, նախնական բնոյթով դրամատիրական եւ շահագործման տնտեսական համակարգով կը գործէ, հակառակ իր ձեռք բերած արհեստագիտական յառաջդիմութեան, ապակայունացնելով այն բոլոր երկիրները, ուր ընկերային արդարութեան առաւել կամ նուազ ամբողջական կամ յաջող դրութիւններ հաստատուած էին, մասնաւորաբար՝ Եւրոպա եւ այլ: Նոյն ընթացքին մէջ է Հնդկաստանը: Հզօր Միացեալ Նահանգները ընդառաջ կ՚երթայ դէպի արմատական հակասութիւններ եւ փոփոխութիւններ: Անկլօ-սաքսոն եւ ընդհանրապէս եւրոպական արմատներ ունեցող բնակչութիւնը, եթէ երէկ ինքզինք վտանգուած կը զգար ափրիկեցի-ամերիկացիներու պատճառով, այսօր կը գտնուի լատինամերիկեան թուական ճնշումի ներքեւ, որ միաժամանակ պիտի ըլլայ լեզուական-մշակութային, ամերիկերէնը այս կամ այն ձեւով բերելով համակեցութեան եւ թերեւս ալ տեղատուութեան: Ինչ որ չի կրնար ըլլալ առանց նուազ կամ առաւել բուռն ընդդիմութեան:
Եւրոմիութիւնը բաց գիրքն է նոր տիպի ազգի մը ծննդոցին: Դեռ երէկ մարդիկ կ՚ըսէին, թէ ֆրանսացի, անգլիացի կամ գերմանացի էին, բայց այսօր արդէն կ՚ըսեն, թէ եւրոպացի են, նոյնիսկ եթէ դիմադրողներ կան՝ վասն ինքնութեան պահպանման: Տեղի կ՚ունենայ համաձուլման ընթացք մը, brassage, մինչեւ ո՞ւր, մինչեւ ե՞րբ, կարելի չէ գուշակել: Բայց հարկ է տեսնել իրականութիւնները: Այս տեսակէտէն Ֆրանսան փորձադաշտ է այսօր: Հակառակ անոր, որ դասական աջ եւ դասական ձախ բնորոշումները կը տեւեն, հասցէները այդպէս կը ճշդուին, բայց դասական աջ «իշխանութիւն»ը իր մէջ առած է ձախ հոսանքի պատկանողներ, որոնց ներկայութիւնը աջ համարուած իշխանութեան մէջ կը քննադատուի իրենց նախկին ընկերներուն կողմէ, ներառուած են նաեւ ցեղային, ազգային, մշակութային «տարբեր ծագում» ունեցողներ, կրկին համաձուլման ընթացք մը: Հարց պէտք է տալ, թէ մեր նոր բացուող դարերու դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները ժամանակավրէպ չե՞ն դարձներ դեռ երէկ իմաստ ունեցող պիտակները: Առնուազն հարցը պէտք է դնել:
Այս լայնածիր վերիվայրումներուն եւ վերադասաւորումներուն մէջ ի հարկէ կան մեր մասնատուած ազգը եւ մասնատուած հայրենիքը, հայրենիք, որ պէտք չէ շփոթել ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, որ նուաճում մըն է, հանգրուան մըն է, ողջունելի, որուն վրայ պէտք է գուրգուրալ, առանց մտքէ հանելու ամբողջը: Այս համաշխարհային վերադասաւորումներուն մէջ մենք ունինք Սփիւռքի հարցը, որուն համար այսօր հեռանկար չունինք, հետեւելով յառաջադէմ համարուող բառապաշարին՝ ազգովին ռազմավարութիւն չունինք: Յաճախ ըսած եմ՝ կառքին հինգերորդ անիւը ըլլալու վիճակ մը: Մեր ներազգային կեանքը կը շարունակուի այնպէս, կարծէք մեզի համար ժամանակը կանգ առած է, մեր ներքին հակադրութիւնները կը շարունակուին, կ’երջանկանանք աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգը եղած ըլլալու հանգամանքով, կը խօսինք մեր հարուստ մշակոյթին մասին, երբ զանգուածային կերպով անհաղորդ կը դառնանք անոր, լքելով կամ աղճատելով ազգային լեզուն: Այսօր ոչ ոք կը համարձակի մեր գունագեղ կազմակերպութիւններուն, ներառեալ՝ կուսակցութիւններու, գոյութեան իրաւ իմաստը փնտռելու ճիգ ընել, անոնց raison d’etre-ը հասկնալու եւ սահմանելու համար:
Այլ խօսքով, կապկումներու եւ հետեւողի վիճակէն դուրս գալով, այս կամ այն պետութեան կամ քաղաքական հոսանքի մասնաճիւղ ըլլալու տխուր սնափառութենէն հրաժարելով, ազգային գաղափարախօսութիւն մը պիտի կարենա՞նք մշակել, որպէսզի հայը, ո՛ւր որ ալ գտնուի, ինքզինք համարէ ազգի անդամ, հայրենիքին տէր եւ ծառայ, եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման անհորիզոն թափահարումներէն վեր բարձրանալով՝ ըլլայ Ազգային Իրաւունքի ձեռքբերման պայքարի հարազատ հեռանկարի յանձնառու: Եթէ ներազգային տարբերութիւններ կամ հակադրութիւններ պիտի ունենանք, այդ պէտք է ըլլայ վերոնշեալ հարցերուն յարաբերաբար, այսինքն՝ մեր լինելութեան էական հարցերէն մեկնելով:
Համազգային իրաւ եւ ներկայացուցչական, ոչ-ջոջական, իր անուան արժանի խորհրդաժողով մը կենսական է, ոչ միայն այսօրուան, այլ մանաւանդ՝ վաղուան համար, որպէսզի, ինչպէս Վիգէն Խեչումեան ըսած էր, մեր վաղը ըլլայ նախորդին շարունակութիւնը, այլ ոչ՝ սկիզբ նոր բանի…: «Ծագումով հայեր» պիտի շարունակեն գոյութիւն ունենալ, նոյնիսկ երբ մոռցած ըլլան այդ ծագումը, Հայաստան կոչուած տարածութիւնը դատարկ պիտի չմնայ, բայց…
Մինչեւ այն ատեն, որ Հայաստան եւ Սփիւռք, կը շարունակենք մտածել եւ գործել ԺԹ. եւ Ի. դարերէն ժառանգուած եւ կոշկոռ կապած կողմնապաշտութիւններով, անհանդուրժողութիւններով, նեղմտութիւններով, քննադատութիւնը գայթակղութիւն համարելով, ձեւով մը նոր ստեղծուող աշխարհին մէջ մեր տեղը չենք կրնար գտնել, չենք յառաջդիմեր, քաղաքական, լայն առումով մշակութային, կրօնական եւ տնտեսական մարզերու մէջ, քանի որ կը կորսնցնենք տոկալու, տեւելու եւ մեր տեղը գտնելու ուժականութիւնը:
Հիմնական փոփոխութիւններու արագ ընթացքին մէջ գտնուող շրջապատի մարտահրաւէրներուն կարելի չէ դէմ դնել եւ գործակցութիւններ հաստատել ժամանակավրէպ դարձած հին գաղափարներով եւ զէնքերով: Ոչ դիւանակալ մտաւորականութեան աւագ դեր վերապահուած է այս հանգրուանին, եթէ ուզէ դերակատար ըլլալ, նոյնիսկ եթէ իր դիմաց գտնէ անանցանելի համարուող պատնէշներ:
Դիւանակալական, խնամի-ծանօթ-բարեկամի եւ շահախնդրական նեղ շրջանակներէ դուրս հարկ է հանել հիմնահարցերը:
Ինչպէ՞ս, ո՞ւր, որո՞նց հետ: Բայց անպայման խօսելով զանգուածին հետ, առանց որուն ղեկավարութիւնները եւ մտաւորականութիւնը կը վերածուին գաղտնի ընկերութիւններու: