16 Փետրուարին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Հաքան Ֆիտան Միւնիխի մէջ հանդիպում մը ունեցան։
Անոնք կարգ մը այլ հարցերու կողքին քննարկեցին նաեւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները եւ տարածաշրջանային ապահովական հարցեր, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։