«Մենք երբեք չենք ժխտած եւ միշտ 1915-1918 թուականի ցաւալի դէպքերը, որոնք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերուն հանդէպ ի գործ դրուեցան՝ բնութագրած ենք որպէս ջարդեր եւ վայրագութիւններ», կ՚ըսէ հրէական ADL կազմակերպութեան ղեկավար Ապրահամ Ֆոքսման եւ կը շարունակէ՝ «Այս արարքներուն հետեւանքները անկասկած համազօր էին ցեղասպանութեան»։
Իսկ Ֆոքսմանի այս լպրծուն յայտարարութիւնը ոմանց կողմէ կը մատուցուի այնպէս, թէ ADL իր կեցուածքը սրբագրած եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է։
Եկէ՛ք անհանգիստ խղճով մը հետեւինք Մէսէչուսէցի Նիւթըն քաղաքի քաղաքապետ Տէյվիտ Քոհենի այն ենթադրեալ վարկածին եւ «հայկական» եւ «ցեղասպանութիւն» բառերը փոխարինենք «հրէական» եւ «ողջակիզում» բառերով եւ շարունակենք այնպէս ինչպէս Ֆոքսման կը շարունակէ իր կեցուածքը Հայկական Ցեղասպանութեան հանդէպ, պիտի ստանանք հետեւեալ պատկերը։
«Մենք երբեք չենք ժխտած եւ միշտ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներու ցաւալի դէպքերը, որոնք նացի Գերմանիոյ կողմէ հրեաներուն հանդէպ ի գործ դրուեցան՝ բնութագրած ենք որպէս ջարդեր եւ վայրագութիւններ։ Այս արարքներուն հետեւանքները անկասկած համազօր էին ողջակիզման։ Հետաւաբար, կ՚առաջարկենք, որ հրեայ պատմաբաններէ եւ ողջակիզումը ուրացողներէ բաղկացած յանձնախումբ մը կազմուի որպէսզի քննարկէ այս հարցը։ Մենք դէմ ենք որեւէ երկրի մը կողմէ ողջակիզման պաշտօնական ճանաչումին, որովհետեւ համոզուած ենք, որ այդ ճանաչումները չեն նպաստեր ողջակիզումը ընդունողներու եւ ժխտողներու հաշտեցման։ Դէմ ենք նաեւ նացի Գերմանիոյ մեղքերը ներկայ Գերմանիոյ բեռցնելուն։ Մեր այս յայտարարութեան համար ալ ներողութիւն կը խնդրենք Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքէլին, գերման ժողովուրդին մեր հասցուցած վիրաւորանքին համար։ Մեր այս առաջարկները կը կատարենք, որովհետեւ Հայաստան շրջապատուած է իսլամական, Հայաստանի գոյութեան սպառնացող եւ ողջակիզումը ժխտող երկիրներով, Գերմանիոյ, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական կապեր կան եւ մտահոգուած ենք Գերմանիոյ մէջ ապրող հազարաւոր հայերու անվտանգութեամբ»։
Նոյնիսկ Ապրահամ Ֆոքսման եւ իր ճանապարհակից ու թրքական «ժողովրդավարութեամբ» հմայուած AJC-ի գործադիր տնօրէն Տէյվիտ Հէրիս կրնան նկատել, թէ մեր կողմէ դէպքերը «ողջակիզման համազօր» նկատող այս յայտարարութիւնը ինչքան բովանդակազուրկ եւ անիմաստ տեսք ստացաւ։
Սարսափելին այն է սակայն, որ այս ձեւակերպումը առաջ քաշողներ կան։ Իրանի նախագահին կողմէ աղմուկ բարձրացուցած յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի. «Եթէ դո՛ւք (եւրոպացիներ) այս մեծ ոճիրը կատարած էք, ինչո՞ւ պաղեստինցի ժողովուրդը գինը պէտք է վճարէ»։ Եթէ Ֆոքսմանի տրամաբանութեան հետեւինք (երբեք չենք հետեւիր), ապա պէտք պնդել, որ Ահմատինեժատը ընդունած է «Մեծ ոճիրը», եւ պարզապէս համաձայն չէ, որ պաղեստինցիները այդ գինը վճարեն։
Մեր կողմէ կատարուած այս բոլոր բառախաղերը դժուար չէ առաջին հայեացքով իսկ անիմաստ նկատել պարզ այն պատճառով, որ Գերմանիան Թուրքիա չէ, որ քաղաքակիրթ ու իսկապէս ժողովրդավար այս երկիրը (ոչ թէ Տէյվիտ Հէրիսի գովերգած թրքական ժողովրդավարութիւնը) իր պատմութեան սեւ էջին հետ հաշուի նստած ու ընդունած է արդար հատուցում կատարել, որ Գերմանիոյ օրէնսդրութեան մէջ թիւ 301 օրէնքը չկայ, որ Գերմանիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները պաշտպանուած են, որ Գերմանիա չէ ներխուժած Կիպրոս, որ Գերմանիոյ քիւրտերը ազատօրէն կրնան քրտերէն խօսիլ, որ որեւէ երկրի մը կողմէ Ողջակիզման ճանաչումը չի հանդիպիր գերմանական սպառնալիքներու անվերջ շարանի։
Այս երկար ու դեռ շատ չնշուած շարքը նկատի ունենալով կ՚ընդունինք, որ մեր կատարածը Ողջակիզումը ճանչցող յայտարարութիւն չէր։ Բայց այդ նոյն շարքին պատճառով բովանդակազուրկ կը նկատենք Ապրահամ Ֆոքսմանի եւ Տէյվիտ Հէրիսի յայտարարութիւնները, որոնք երբեք Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու յայտարարութիւններ չեն։ Ֆոքսման փոխանակ իր լեզուական հնարքներուն ուժ տալու՝ պարզ ու յստակ կրնար ըսել «ADL-ը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, կ՚աջակցի այդ ճանաչման բոլոր օրինագիծերուն եւ կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ որ վերջ տայ իր ուրացումին»։
Բարեբախտաբար այս յայտարարութիւնը կը կատարէ ԱՄՆ հրեայ հասարակութիւնը։ Ղեկավարներն ալ պէտք է հետեւին եւ կատարեն այս յայտարարութիւնը, արդէն շատ ուշացած են։
(*) «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր